Հաւատքի Երկնաւոր Արգանդը

Աստուածաշունչին մէջ մարգարէներն ու սաղմոսերգուները քուրային եւ բրուտին պատկերները կը գործածեն նկարագրելու համար Աստուծոյ ներգործութիւնը՝ մարդուն բնութիւնը Իր պատկերով եւ նմանութեամբ կազմելուն մէջ: 


Քուրային պատկերը (Առակաց 17.3, եւ 27.21) կ’օգնէ մեզ ստանալու նոր կարողութեամբ օժտուած իմացական աչքեր, որոնց շնորհիւ կը սկսինք տեսնել Աստուծոյ մաքրող եւ զտող ներկայութիւնը այն ամէն դէպքերուն, մղումներուն, ներշնչումներուն, հրամաններուն մէջ որով իւրաքանչիւրիս կեանքը համակուած է: Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի մեծակական լալիւնով կ’ողբայ մարդուն ցուցաբերած դիմադրութիւնը աստուածային այս ներգործութեան՝ ակնարկելով ճիշտ սուրբ գրական այս անցքերուն: 


Ոմանց համաձայն՝ մեծ յանդգնութեամբ Նարեկացին կը կը տեսնէ այս քուրային մէջ Քրիստոսի Հոգիով վերանորոգումը՝ որպէս ամուսնական միութիւն մը, որ ծնունդ կու տայ, յարութեան շնորհքին զօրութեամբ, այս նոր կեանքին. “Քու սիրոյդ փութին ընտրութեան քուրային մէջ միշտ կ’եռամ,”–կ’ըսէ սուրբը–“բայց երբեք չեմ մաքրուիր. միշտ կը խառնուիմ զուգուելու համար, բայց չեմ միանար. ահա՛, դուն իմ երկնաւոր արծաթագործ ճարտարապետս՝ սին տեղ վրաս աշխատելով կը յոգնիս, մարգարէին յայտնի առակին համաձայն, եւ իմ չարութիւնս չհալեցաւ:” (69.1):


Բրուտին պատկերը, ինչպէս Եսայի Մարգարէն (64.8) կը սահմանէ՝ –“Բայց արդ, ով Տէր, դուն ես մեր Հայրը. մենք կաւ ենք, եւ դուն՝ բրուտը. մենք ամէնքս քու ձեռքերուդ գործն ենք,”–ուղիղ կերպով կը յիշեցնէ մարդուն առաջին արարչութեան պատմութիւնը, երբ Աստուած ըսաւ “ստեղծենք մարդը, մեր պատկերով եւ նմանութեամբ:” (Ծննդոց 1.26): Պօղոս Առաքեալ այս վերանորոգումը կ’ամփոփէ՝ նախասահմանութեան իր տեսութեամբ, (Հռոմէացիս 8.28–30), երբ մեր կաւեղէն բնութիւնը պիտի լրիւ հաղորդուի Աստուծոյ շնորհքը ընդունելու կարողութեան՝ մեր մէջ տպաւորուած Աստուծոյ պատկերին շնորհիւ, որ ոմանք կ’ըսեն է մեր ճշմարիտ “հոգին,” մեր ստոյգ ինքնութիւնը. մեր անձնականութեան այդ ամուր ժայռը, որուն վրայ պիտի կարողանանք կառուցանել տուն մը, զոր ոչ մէկ փոթորիկ կամ հեղեղ կարող է կործանել:


Հաւատքի մկրտութեան աւազանին արգանդին մէջ՝ մենք իսկապէս կը լուացուինք մեր մարդկային բնութեան անկարողութիւններէն՝ հաղորդուելու աստուածային իրականութեան հետ, եւ կը դառնանք որդիներ արարիչ Աստուծոյ. կը ստանանք համարձակութիւնն ու պատիւը ճանչնալու՝ ուստի եւ կոչելու զԱյն, տալու իր Անունը՝ մեր Հայրը: Այդ սուրբ Անունը այլեւս ծածկուած չէ, ոչ ալ զայն բերան առնողը մահուան կ’արժանանայ. ընդհակառակը՝ Իր իսկ աստուածային կեանքով կը լեցնէ մեզ ամէն անգամ որ կանչենք այդ սուրբ Անունը, Անուն խունկի պէս բուրեղ, արշալոյսին նման գեղեցիկ, Անուն մը աղուոր եւ ընտել, Անուն մը համեղ եւ կեանք պարգեւող:

Facebook
Twitter
LinkedIn

Post a comment