Աստուած Կեանքիդ Մէջ

Ուրեմն եւս աւելի՝ Աստուած կայ մեր կեանքին մէջ: Ի՞նչպէս պիտի խօսինք մեր կեանքով Աստուծոյ արարչական ներկայութիւնը: Երբ գտնենք Աստուծոյ ներկայութիւնը մեր սրտին մէջ, մեր ոտքերուն մէջ, մեր ձեռքերուն մէջ, մեր աչքերուն մէջ, մեր մարմիններուն մէջ, մեր ցաւերուն մէջ, եւ մեր փորձութիւններուն մէջ, պարզ է որ ուրիշ խօսք պիտի չկարենանք խօսիլ եթէ ոչ Երկնաւոր Հօր Միածին Որդին՝ մեր Տէրը, Յիսուս Քրիստոս:


Մեր կեանքը Աստուծոյ շնորհքին հաղորդութեան մէջ պիտի ըլլայ շարունակութիւնը, ընդլայնումը ինքնին Աստուծոյ կեանքին, ցոլացնելով մեր Երկնաւոր Հօր գեղեցիկ դէմքը մեր շրջապատին մէջ: Պիտի հասնինք Տէր Յիսուսի պատուէրը իրականացնելու լիութեան: Ան իր յարութենէն ետք տուաւ իր Սուրբ Հոգին Առաքեալներուն, եւ անոնց միջոցով՝ մեզի, որպէսզի հռչակենք Աստուծոյ ողորմութեան յոբելեանը: Նոյն Իր Հոգիով օծեալներ, մենք եւս պիտի աւետարանենք մարդկային իմաստութեամբ հարուստ՝ բայց Աստուծոյ զօրութենէն զուրկ մարդոց՝ ամէն գերութենէ ազատութիւն, կոյրերուն աչքի լոյս, եւ հարստահարեալներուն արդարութիւն:


Երբ Աստուած գտնենք մեր կեանքին մէջ, պիտի դառնանք Յիսուսներ, որովհետեւ հաղորդ ենք մեր Տիրոջ որդիութեան՝ շնորհքի կարգին մէջ: Պիտի մտնենք մեր ուրախութեան ժամանակին մէջ, եւ մեր հոգիները պիտի հրճուին, եւ ոչ ոք պիտի կարենայ մեզմէ խլել ուրախութիւնը բաշխելու Յիսուս մեր կեանքով (Յովհաննէս 16.22-24): Այլեւս պէտք պիտի չունենանք հարցում ուղղելու մեր Տիրոջ, այլ՝ Իր եւ մեր Երկնաւոր Հայրը պիտի տայ ինչ որ խնդրենք Յիսուսի անունով, որպէսզի մեր ուրախութիւնը կատարեալ ըլլայ:


Ասոնք Յիսուսի խօսքերն են: Երբ մեր կեանքը դառնայ Աստուծոյ սիրած վայրը, պիտի կրենք մեր մէջ Աստուծոյ խաղաղութիւնը, եւ արդէն հաղորդ Յիսուսի Մարմնին եւ Արեան՝ մարմնական մահը մեզի համար  պիտի ըլլայ ցանկալի Նոր Ուխտի կեանքին դուռը՝ մուտքը վերջնական յարութեան նախասենեակը: Տէր Յիսուսի յարութեան Զատիկը պիտի ըլլայ մեր կեանքը, որովհետեւ ոչինչ պիտի կարենայ բաժնել մեզ Քրիստոսի սէրէն (Հռոմայեցիս 8.35):


Պիտի ըլլանք Աստուծոյ կեանքին եւ սրբութեան կաթիլներ, որոնք պիտի ոռոգեն Երկնաւոր Հօր այգին, ցօղին նման որ կ’իջնէ Հերմոն լեռնէն՝ Աստուծոյ քաղաքին Սիոնի վրայ (Սաղմոս 132.3), եւ ճանչցնենք Աստուծոյ արդար Անունը աշխարհի, որպէսզի Անոր սէրը տարածուի, ըլլայ եւ հաստատուի բոլոր արարածներուն մէջ:

Facebook
Twitter
LinkedIn

Post a comment