“Կը Սիրե՞ս Զիս”

Յարութենէն յետոյ, Յիսուս երրորդ անգամ երեւցաւ աշակերտներուն Տիբերիոյ լիճին եզերքը: Յովհաննէս աւետարանիչ կը պատմէ (21րդ գլուխը), որ Պետրոս եւ աշակերտակիցներէն վեց ուրիշներ միասին էին, եւ արդէն Երուսաղէմէն վերադարձած էին Գալիլիա՝ իրենց տուները, ինչպէս հրեշտակը հաղորդած էր անոնց Յիսուսի հրահանգը (Մատթէոս 28.7): Պետրոս կը յայտարարէ որ ինք ձուկ որսալու պիտի երթայ, միւսներն ալ կը միանան իրեն, բայց ամբողջ գիշերը ոչինչ կը բռնեն:


Առաւօտեան՝ Յիսուս ծովափին կը սպասէ իրենց, եւ հազիւ երկու հարիւր կանգուն մնացած ծովափ հասնելու, կը հարցնէ անոնց եթէ ձուկ ունէին: Անոնք կը պատասխանեն “Ո՛չ”. այն ատեն Յիսուս կ’ըսէ որ ուռկանը նետեն նաւակին աջ կողմը, եւ ահա՛ այնքան ձուկ կը բռնեն, որ չէին կրնար ուռկանը նաւակ հանել: Յովհաննէս կ’ըսէ Պետրոսի “Տէրն է,” եւ Պետրոս ջուր կը նետուի եւ լողալով կը փութայ հասնելու ափ՝ Յիսուսի: Արդէն Յիսուս կրակը պատրաստած էր եւ վրան ձուկ կը խորովէր, եւ հրաւիրեց աշակերտները “Եկէք, ճաշակեցէք:” Ճաշելնեն ետք, Յիսուս հարցուց Սիմոն Պետրոսի. “Սիմոն, որդի Յովնանու, կը սիրե՞ս զիս ասոնցմէ աւելի:”


Պահանջկոտ հարցում էր, եւ մահէն իսկ աւելի խիստ դատաստան: Կը սիրե՞ս զիս, ասոնցմէ աւելի: Մեզի ալ կը հարցնէ Յիսուս նոյն հարցումը, մեր Տիբերական լճափին, մանաւանդ երբ երկար աշխատանքէ յետոյ պարապ ձեռքերով տուն կը վերադառնանք, առանց արդիւնքի, առանց մարդկային փառքի, առանց գոհունակութեան, անյաջողութեան տեսակ մը կսկիծով, որ կը շղթայէ մեր հոգին եւ կը սեղմէ մեր ստամոքսը: Կը բարձրանանք Աստուծոյ սուրբ խորան առանց աստուածահաճոյ նուէրի:


Յիսուս մեր առջեւ կը դնէ Իրեն հետեւելու միակ պայմանը. Ան պէտք չունի մեր նուէրներուն. Ան պէտք չունի մեր մարդկային յաջողութեան. Ան պէտք չունի մեր մեծ ծրագիրներուն: Ան պէտք ունի միայն գիտնալ եթէ կը սիրենք զԻնք. եւ միւսներէն աւելի շատ: Մեր պատասխանը պէտք է ըլլայ Պետրոսի նման խոնարհութեամբ լեցուն. “Տէր, դուն ամէն բան գիտես, գիտես նաեւ թէ կը սիրեմ քեզ:”


Այն ատեն Յիսուս պիտի ըսէ մեզի, “Հետեւէ՛ ինծի:” Եւ պէտք է երթանք ուր որ Ան կ’առաջնորդէ մեզի, առանց սակարկելու, առանց պայմաններ դնելու, առանց հարցնելու թէ “Ի՞նչ կ’ուզես ինծմէ:” Պէտք է տարածենք մեր ձեռքերը եւ թոյլ տանք որ ուրիշներ կապեն մեր մէջքին գօտի եւ տանին ուր պիտի չուզէինք երթալ, փառաւորելու համար զԱստուած նոր կեանքով որով մեզ կը լեցնէ այդ սէրը:


Այն ատեն պիտի քալենք “հագած Նոր Մարդը, որ ստեղծուած է Աստուծոյ համաձայն՝ ճշմարտութեան, արդարութեան եւ սրբութեան մէջ,” (Եփեսացիս 4.23), պիտի ըլլանք ճշմարիտ որդիներ Երկնաւոր Հօր, խաղաղութեան ծնունդներ, կրելով մեր ուսերուն վրայ Աստուծոյ իշխանութիւնը, հրեշտակներ մեծագոյն խորհուրդներուն, սքանչելի խորհրդակիցներ Աստուծոյ, հզօր, իշխան, եւ աւետարանիչներ Երկնաւոր Հօր թագաւորութեան:

Facebook
Twitter
LinkedIn

Post a comment