Մեր Թաղումը Քրիստոսի Մահուան մէջ

Քաղաքական եւ կրօնական կեանքին մասնակցելու համար բոլոր ընկերութիւններուն մէջ “երախայութեան” շրջան մը կար որուն փուլերէն ընծայեալները պէտք էին անցնիլ, որպէսզի ընդունուած եւ օրինաւոր կարգով ճանչցուէին որպէս լիիրաւ անդամներ ընկերային մեծ ընտանիքին:


Քրիստոնէական ընծայութիւնը կը կատարուի երեք խորհուրդներու մասնակցութեամբ. Մկրտութիւն, Դրոշմ, եւ Հաղորդութիւնը Տէր Յիսուսի Մարմնին եւ Արեան Խորհուրդին: Առաքելական օրերուն, ընծայութիւնը չունէր հեթանոսական ընկերակցութիւններուն յատուկ գաղտնապահութեան եւ ծածուկին սիրահար կառոյցը: Անհաւատ կամ տգէտ մարդիկ կրնային մտնել քրիստոնեաներու ժողովարանները (1 Կորնթացիս 14.23-25): Սակայն արդէն առաջին դարագլխուն կը տեսնուին հեթանոսական բարքերուն ազդեցութեան նշանները. օրինակի համար, ելեւսինեան ընծայութեան ծէսերուն նմանութիւն մը, որով կոչուածները երկար տարիներու սկսնակութեան աւարտին՝ կը հասնէին կատարեալ “լուսաւորութեան”—եւ քրիստոնեաներուն համար լուսաւորուելու հասկացողութիւնը սքանչելի կերպով կու տար պատկերը՝ մկրտութեան խորհուրդով տեղի ունեցող իրականութեան. բան մը՝ որ դժուարութիւն չէ յարուցած ընդունուելու քրիստոնէական խօսակցութեան մէջ:


Սակայն, յարութեան իրականութիւնը ամենեւին յիմարական կը թուէր, որովհետեւ անօրինակ եւ անըմբռնելի իրականութիւն մը կը կոչէր: Արիոսպագին մէջ հաւաքուած եպիկուրեան եւ ստոյիկեան փիլիսոփաները մեծ հաճոյքով եւ հետաքրքրութեամբ լսեցին Պօղոս Առաքեալին խնամքով պատրաստած ճառին (Գործք 17.22-34): Պօղոս կը պատմէր այդ անծանօթ աստուծոյ մասին, որուն նուիրուած բագինը կար հրապարակին վրայ:


 Առաքեալին խօսքերը ներկայացուցին ունկնդիրներուն ապաշխարութեան քարոզութիւնը. “Այն Աստուծոյ մասին կը պատմեմ ձեզի, որ արարիչն է աշխարհի եւ ամէն բանի որ կայ այստեղ, երկնքի եւ երկրի Տիրոջ մասին կը պատմեմ ձեզի: Ան մարդոց պաշտամունքին կարօտ Աստուած մը չէ, որովհետեւ ինքն է որ կեանք եւ շունչ կու տայ ամէն ինչի, եւ ոչ մէկուն ձեռակերտ տաճարներու մէջ կը բնակի: Այս արարչութիւնը կը հրաւիրէ մեզ զննելու եւ գտնելու այս Անծանօթը, որովհետեւ հեռաւոր մէկը չէ Ան, այլ Անով կ’ապրինք, կը շարժինք, եւ գոյութիւն ունինք՝ ինչպէս ձեր իսկ իմաստուններէն ոմանք ըսած են, թէ Անոր սերունդն ենք: Արդ, ժամանակն է որ ճանչնանք Անծանօթը, որովհետեւ արդարութեան դատաստանի օր հաստատած է եւ պիտի դատէ մեզ այն մարդուն միջոցով՝ որուն ձեռքով մեզի հաւատք տուաւ զայն մեռելներէն յարուցանելով:”


Մինչեւ այստեղ իմաստասէր ունկնդիրները ուշի-ուշով մտիկ կ’ընէին Պօղոսի ճարտար խօսքերուն, յագեցած անոր յունարէն լեզուին բարձր ճաշակով: Մեռելներէն յարութիւն առնելը հազիւ լսեցին, ըսին Պօղոսի՝ ալ կը բաւէ. ոմանք ծաղրեցին զինք, իսկ ուրիշներ ըսին՝ ուրիշ անգամ կը լսենք քեզմէ ասոր մասին: Եւ հարցը փակուեցաւ. կամ՝ թաղուեցաւ:


Քրիստոնեային թաղումը իր Տիրոջ Քրիստոսի խաչելութեան եւ թաղումին մէջ՝ կարելի է պատկերացնել ցորենին հատիկին առակով. այդ հատիկը մեռած սերմ չէ. կեանքով լեցուն է, երբ հողին տակ կը թաղուի—եւ այդ է պատճառը՝ որ կը ծլի իր նոր կեանքին, տալով հարիւրապատիկ պտուղը: Թաղում եւ մահ ցորենի հատիկին ապրելու կերպն են: Ո՛չ թէ մահ եւ ապա թաղում, քայքայուելու եւ նեխելու համար: 


Նոյնպէս քրիստոնեան՝ կը թաղուի Տիրոջ մահուան մէջ, որպէսզի մեռնի Անոր մահով եւ նոր ծլի յաւիտենական եւ աստուածային՝ Անոր Սուրբ Հոգիին շունչով: Գրիգոր Նարեկացին այս իրականութեան ակնարկելով է որ կ’աղօթէ Յիսուսի “տամ իմ թշուառ շունչս, որպէսզի առնեմ քու բարի ոգիդ” (Բան 21.3): Ահաւասիկ, այս է քրիստոնեային ապրելու կերպը, անոր շունչին տուրեւառութիւնը, որուն զօրութեամբ Սուրբ Հոգին կը ջամբէ մեզի Հօր սէրը, աստուածային բնութիւնը:

Facebook
Twitter
LinkedIn

Post a comment