Աստուած արեւելեան կողմը՝ Եդեմի մէջ՝ գեղեցիկ դրախտը տնկեց, եւ այդտեղ բնակեցուց մարդը: (Ծննդոց 2.4–8):
Այսպէս կը սկսի երկնի եւ երկրի արարածներու պատմութիւնը: Այդ դրախտին մէջտեղը Աստուած կը տնկէ երկու ծառեր. կեանքի ծառը, եւ բարիին եւ չարին գիտութիւնը ունենալու ծառը (2.9). կը պատուիրէ մարդուն, որ դրախտին բոլոր ծառերուն պտուղներէն առատօրէն ուտէ, բացի բարիին եւ չարին գիտութիւնը ունենալու ծառին պտուղէն, եթէ չ’ուզեր մեռնիլ (2.17):
Մարդը փոխանակ կեանքի ծառին պտուղէն ուտելու, կը նախընտրէ ուտել արգիլուած պտուղը, զայն ուտելու արգելքը ընկալելով իբրեւ կաշկանդում իր ազատ ընտրութեան դէմ: Արհամարհելով Աստուծոյ կոչումը՝ ուտելու կեանքի ծառին պտուղէն, մարդը նախասիրեց մահուան գերութիւնը: Գուցէ կը կարծէր որ իր ինքնիշխան ազատութեամբ ինք կարող պիտի ըլլար ինքն իրեն պարգեւել կեանքի անմահութիւնը՝ այդ ծառին պտուղէն ուտելով: Սակայն, հանդիպեցաւ Աստուծոյ ինքնիշխան կամքին, որ դրախտէն դուրս վտարեց զայն, եւ քերոբէներուն եւ բոցեղէն սուրին հրամայեց պահել կեանքի ծառին տանող բոլոր ճանապարհները (3.24):
Արարածներու սուրբգրական այս պատմութիւնը կը կարդանք ամէն Աւագ Շաբաթ օր ճրագալոյցի ընթացքին, խոկալով մարդկային յոխորտ ինքնավստահութեան վրայ: Նստած ենք Յիսուսի գերեզմանին առջեւ, որուն մուտքը փակուած է հսկայական վէմով՝ կնքուած քահանաներուն մատանիով (Մատթէոս 27.66). Անոնք վստահ էին որ իրենց սպաննած Աստուծոյ Որդին թաղուած պիտի մնար (Մատթէոս 27.63–65):
Շատ պարագաներ կան երբ մենք եւս Առաքեալներուն հետ լսենք, կամ մեզի պատմեն որ Տէրը յարութիւն առաւ՝ եւ չհաւատանք (Մարկոս 16.11): Բայց երբ սեղան նստինք ճաշակելու Տիրոջ Մարմինն ու Արիւնը, մեր մարմնական եւ հոգեւոր աչքերը պիտի բացուին՝ տեսնելու համար Յիսուս Նազովրեցին, մարգարէ մարդը, հզօր խօսքերով եւ գործերով՝ Աստուծոյ եւ բոլոր մարդոց առջեւ (Ղուկաս 24.19), որ հրամայեց քերոբէներուն եւ բոցեղէն սուրին բանալու յաւիտենական կեանքի ծառին՝ Իրեն՝ բերող ճամբան:
Այդ կեանքի ծառին պտուղը ուտելով մենք եւս կը հաղորդուինք մեր Տիրոջ անմահութեան. կեանք կու տանք մեր նոր բնութեան, որուն հրաւիրուեցանք Երկնաւոր Հօր կոչով՝ ըլլալու Անոր որդիները, ինչպէս Սբ. Կիւրեղ Երուսաղէմացի հայրապետը կ’անդրադարձնէ. “Աստուած, արդարեւ, նախասահմանեց մեզ իր որդեգրութեան, եւ կերպարանակից ըրաւ մեզ Քրիստոսի փառաւորեալ Մարմնին: Ուստի դուք, որ հաղորդ էք Քրիստոսի, յիրաւի “Քրիստոսներ” էք:” (Յաճախապատում Վարդապետութիւն 3.1):
Աստուած մեզի տուաւ համարձակութիւնը մերձենալու Իրեն որպէս մեր Հօր, եւ սուրբ հռչակելու Իր Անունը. ո՛չ միայն, այլ Իր իսկ Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ (Գաղատացիս 4.6) սրբացնելու Իր Անունը, այնպէս որ մեր գործերով եւ կենցաղավարութեամբ կոչենք մարդիկ օրհնելու զԱստուած եւ հաղորդուելու Տէր Յիսուսի անմահութեան:
Այսպիսի անպատում շնորհքի մեր կոչումը իրականացնելու համար պէտք ունինք անսահման խոնարհութեան. մեր յոխորտ եսը ունայնացնենք՝ թաղուելով Յիսուսի հետ իր գերեզմանին մէջ, խնդրելով որ Տէրը արժանի ընէ մեզ իր հաւատքին, եւ նոր կեանք տայ ծլելու, աճելու եւ պտղաբեր դառնալու: Մեր բարի գործերով միշտ վկայութիւն տանք՝ որ իսկապէս ճաշակած ենք ոչ միայն բարիին եւ չարին գիտութեան ծառին պտուղը, այլ նաեւ “մեր ձեռքը երկարելով” (Ծննդոց 3.22) առած ենք եւ կերած կեանքի ծառին պտուղը՝ յաւիտենական անմահութիւնը, Աստուծոյ որդեգրութեան շնորհիւ:
