Եղիցին Կամք Քո–Ինչու՞

Ամէնուս կեանքին մէջ տարիք մը կու գայ, կը հասնի ժամանակ մը երբ “ինչու՞” հարցը կու տանք: Երբեմն իսկապէս նոր ու լաւ բան մը սորվելու համար, հասկնալու համար մեր հետ առնչուող խնդիրի մը նրբութիւնները, չափելու եւ կշռելու մեր կարողութեան սահմանները. բայց շատ ու շատ անգամներ մեր “ինչու՞” հարցումը “ո՛չ” ըսելու, “աւելորդ է” ըսելու, “չեմ ուզեր” մերժողական պատասխանը տալու իմաստով կը հնչեցնենք:


Ինչու՞:

 

Մարդիկ ի բնէ հետախուզող են. մեր բանականութեան կարողութիւնը կը մղէ մեզ իմանալու, ներթափանցելու, բացայայտելու մեր շրջապատը, ըլլայ այդ՝ երեւելի աշխարհը, բայց ըլլայ այդ մանաւանդ աներեւոյթ իրականութիւնը: Մենք կը փնտռենք խնդիրներու ծագումը, որպէսզի ճանչնանք եւ իմանանք անոնց գոյութեան իմաստը, նպատակը:


Ինչու՞:

 

Որովհետեւ ճանչնալով, հասկնալով իրականութիւններու իմաստը եւ անոնց նպատակը մենք ձեռք կը բերենք կարողութիւնը ապահովելու մեր կեանքն ու գոյութիւնը, կը հեռացնենք վտանգին հաւանականութիւնը, առաջքը կ’առնենք չարիքին, եւ կը հաստատենք ամէն ինչ որ կը նպաստէ մեր բարիքին: Կեանքի եւ մահուան հարց է, այսինքն, մեզի համար:

 

Ինչու՞ Յիսուս սորվեցուց աղօթել որ Երկնաւոր Հօր կամքը ըլլայ: Մարդուն ինքնիշխան ազատութիւնը շղթայելու՞ համար: Մարդուն բնութիւնն է որոշում առնել. եւ այս դրամին միւս երեսն է՝ որ մենք չենք կրնար որոշում չառնել: Միշտ պիտի գտնուինք ընտրութեան դիմաց՝ տալու կայսեր ինչ որ անորն է, եւ Աստուծոյ՝ ինչ որ Աստուծոյ կը պատկանի: 

 

Արդ, տալու Աստուծոյ ինչ որ Իրն է, այսինքն՝ մեր բնութիւնը իրականցնելու եւ զայն լրիւ պտղաբեր դարձնելու համար՝ պէտք ենք կապուիլ Բարիին, մեզի գոյութիւն տուած աստուածային ուժին, որուն կերպարանքով կնքուած է մեր բնութիւնը: Այս կապը հաղորդութիւն կը հաստատէ Աստուծոյ եւ մեր միջեւ, եւ ոչ թէ՝ ծառայութեան պատկանելիութիւն: Աստուծոյ կամքը կատարելով մենք կը վայելենք Անոր որդիներ ըլլալու ազատութիւնը, որովհետեւ կը հաղորդուինք մեր Երկնաւոր Հօր բնութեան հետ, կը բանանք մեր մարդկային բնութիւնը աստուածային ճշմարտութեան այցելութեան, եւ Անոր եկաւորութեան գերբնական շնորհքին զօրութեամբ կը մասնակցինք Ամենասուրբ Երրորդութեան Կեանքին՝ Միածին Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին մէջ:

 

Յիսուս սորվեցուց մեզի աղօթել որ Հօր կամքը կատարուի, որպէսզի առաջքն առնենք չարին, եւ թոյլ չտանք որ չարը տարածէ իր վտանգը մեր վրայ: Մկրտութեան սրբարար խորհուրդով մեր մէջ սերմանուած հաւատքին զօրութեամբ՝ կապուած պահենք մեր մարդկային բնութեան հաղորդութիւնը Աստուծոյ սուրբ կամքին, ինչպէս Տէր Յիսուս՝ խաչին վրայ, երբ աղօթեց 31-րդ սաղմոսին բառերով “Հայր, քու ձեռքերուդ մէջ կ’աւանդեմ իմ հոգիս,” հնազանդութեան այդ գերագոյն վկայութեամբ:

 

Սակայն, զգոյշ ըլլանք որ մեր “եղիցի”ն այստեղ փափաքի իրականացումի մաղթանք մը չըլլայ՝ թերահաւատութեան աննշմար տարակուսանքով–թէեւ դատելով մեր ներկայ վիճակէն, այդպէս ընկալուած կ’երեւի դարերու ընթացքին–այլ՝ աստուածային զօրութեան ստեղծագործ բերութիւնը կրէ, ներ-կայեցնէ Հօր գոյացութիւնը, որպէսզի մենք եւս ընդունինք յարութեան կեանքը Անոր կենսատու եւ արարչագործ կամքէն Յիսուսի նման:

Facebook
Twitter
LinkedIn

Post a comment