Երկնաւոր Հօր Արքայութիւնը Հաստատենք

Մարկոս աւետարանիչ կ’արձանագրէ որ Յիսուս իր քարոզութիւնը սկսաւ յայտարարելով որ “Ժամանակը լրացաւ, եւ Աստուծոյ արքայութիւնը հասած է. ապաշխարեցէք եւ հաւատացէք աւետարանին:” (1. 14-15): Երկնաւոր Հօր Նոր Ուխտը Աստուծոյ արքայութիւնն է, որուն համար Յիսուսի աշակերտներս ստացած ենք Սուրբ Հոգիին զօրութիւնը՝ վկաներն ըլլալու անոր “մինչեւ երկրի ծագերը” (Գործք 1.8):


Յիսուս իր քարոզութեան ընթացքին թանձրացեալ պատկերներ կիրարկած է նկարագրելու համար Երկնաւոր Հօր արքայութեան հոգեւոր հասկացողութիւնը: Ճշմարիտ որթատունկին վրայ հաստատուած ուռին պատկերը մինն է, իսկ միւսը՝ սպիտակացած եւ հունձքի պատրաստ արտորան (Յովհաննէս 4.35), որոնց ատոք հասկերը Յիսուս պիտի ժողովէ իր ձեռքին բռնած հեծանոցով եւ կալին մէջ պիտի մաքրէ ցորենը յարդէն (Մատթէոս 3.12):


Այգին, որուն մշակը ինքնին Երկնաւոր Հայրն է (Յովհաննէս 15.1), դրախտն է, զոր Ան խնամքով պատրաստեց պարարտ հողի վրայ, ցանգով փակեց, ձողաբարձ զարդարեց եւ այդտեղ տնկեց բարիին գիտութեան եւ յաւիտենական կեանքի սորէկ որթերը (Եսայի 5.1–2 եւ Ծննդոց 2.8) եւ զայն խնամելու համար կոչեց մեզ Աւետարանին քարոզութեամբ: Զօրացած Յիսուսի հոգիով (Յովհաննէս 6.64 եւ Գործք 1.8) եռուն եւ անվեհեր վկայութիւն տալու (Հռոմէացիս 12.11) կոչումը ստացած ենք Երկնաւոր Հօրմէ: Աստուծոյ այս “կոչը” մարմին եւ գոյացութիւն կու տայ այն իրականութեան, զոր Պօղոս Առաքեալ կը նկարագրէ որպէս Քրիստոսի Մարմինը՝ կոչեցեալները, այսինքն տառացիօրէն Եկեղեցին (1 Կորնթացիս 12.12,27):


Եկեղեցիին բնութեան համաձայն՝ ’Առաքեալ’ը կը ստանայ իր բնութագիրը ո՛չ այնքան “ղրկուած” ըլլալու իրականութենէն, ո՛չ՝ Աստուծոյ պատգամները բերող մարգարէի մը հանգամանքէն, եւ ո՛չ անգամ աստուածային պատուիրանները թուող քահանայական պատիւէն, այլ՝ Երկնաւոր Հօր Միածին Խօսքը բարբառող Սուրբ Հոգիին ինքնիշխան ներկայութեան սեփականութիւնը ունենալէն՝ մկրտութեան խորհուրդով աստուածային որդեգրութիւնը պարգեւող սրբարար շնորհքին զօրութեամբ:


Եկեղեցիին բնութեան մէջ՝ Տիրոջ սորվեցուցած “եկեսցէ–թող գայ” քու արքայութիւնդ աղօթքը մաղթանք մը չէ. Յիսուս մեզ առաքեալներ կարգեց զինք խօսելու, քարոզելու՝ իր Հոգիին զօրութեան հետ հաղորդութեամբ՝ Երկնաւոր Հօր արքայութեան գալուստը, ինչպէս ի՛նք քարոզեց. այսինքն՝ մենք պէտք է բերենք այդ արքայութիւնը, իր վկաներն ըլլալով: Բայց ի՞նչպէս: 


Վերջին Ընթրիքին, Նոր Ուխտի զատիկին իսկութիւնը հաստատած ատեն, Յիսուս սահմանեց այն կէտերը որոնց յիշատակը կատարելով մենք կը բերենք Հօր արքայութիւնը: Առաջին, աշակերտներուն ոտքերը լուալէն յետոյ, ըսաւ անոնց—ոչ թէ հարցուց, ինչպէս շատեր կը հասկնան այս անցքը—“Լաւ գիտցէք թէ ի՛նչ ըրի ձեզի” (Յովհաննէս 13.12):


Խոնարհութեան իր տուած օրինակը Յիսուս Նոր Ուխտին արարչութիւնը համարեց. “ինչ որ ես ձեզի ըրի, դուք ալ պիտի ընէք:” Երկրորդ, հաւատացէք ինծի՝ որ ես Հօր մէջ եմ, եւ Հայրը՝ իմ: Երրորդ, սիրեցէք զիս եւ սիրեցէք զիրար ինչպէս ես ձեզ սիրեցի, որպէսզի ճշմարտութեան Հոգին ձեր մէջ յաւիտեան բնակի: Չորրորդ, իմ մէջս մնացէք՝ ինչպէս ուռը կապուած կը մնայ որթատունկին, որովհետեւ առանց ինծի ո՛չինչ կարող էք ընել: Երկնաւոր մշակը՝ Հայրը՝ ձեզ սուրբ պիտի պահէ եւ իմ խօսքերս ձեր մէջ պիտի մնան եւ առատ պտուղ պիտի տաք, փառաւորելով Հայրը: Պտղաբեր պիտի ըլլաք՝ ո՛չ որպէս ծառաներ, այլ որպէս բարեկամներ, որոնց ծանուցի ամէն ինչ որ Հայրը ինծի ծանուցած է:

Facebook
Twitter
LinkedIn

Post a comment