Եկեղեցւոյ Սուրբ Հայրերը, Սուրբ Գիրքին մեծ եւ անուանի մեկնիչները, ամէն կիրակի եւ տօն օրերուն մեր հոգեւոր հովիւները իրենց քարոզներուն մէջ շատ տարբեր կերպերով կը հասկնան տէրունական աղօթքին այս խնդրանքը. “Մի՛ տանիր մեզ փորձութեան:” Նշան՝ որ Յիսուսի այս խօսքերը հարուստ են Հօր շնորհքներով, ոչ թէ դժուար եւ խրթին: Յիրաւի, այս խնդրանքը մեր առջեւ կը բանայ Երկնաւոր Հօր ցանած պարտէզին սքանչելի գեղեցկութիւնը իր շնորհքներուն առատութեան անիմանալի հարստութեամբ:
Ընդունած ըլլալով աստուածային որդեգրութեան մեծագոյն շնորհքը, ստացած ըլլալով Անոր բնութեան հաղորդութիւնը, քրիստոնեան արդարացած կը ներկայանայ իր Հօր առջեւ. եւ ճիշդ այս մեծ շնորհքին հետեւանքով կրնայ մտածել որ իր գործերուն հետեւանքով ձեռք բերած է իր արդարութիւնը եւ Հօր բնութեան հաղորդութիւնը: Ոչ այդպէս:
Մենք պէտք չէ երբեք մոռնանք որ արդարացած ենք Աստուծոյ դատաստանին առջեւ միմիայն որովհետեւ ինք Աստուած հաւատարիմ գտնուած է իր խոստումին՝ մեզ տանելու, հասցնելու մեր փրկութեան: Փրկութիւն՝ այդ Նոր Ուխտը՝ որ արդէն իսկ նախ քան մարդուն անհնազանդութեան մեղքը կը կայանար Աստուածային բնութեան լրիւ հաղորդութիւնը ընդունելու իրականութեան մէջ. բայց՝ որ մարդուն անհնազանդութենէն յետոյ այժմ կը ներառէ նաեւ մեր մեղքերուն թողութիւնը եւ Աստուծոյ ահաւոր անէծքին քաւութիւնը: Արդարեւ, ինչպէս Հայրը խօսեցաւ Եսայի մարգարէին բերնով “Լոյսի նման պիտի ծագի անոր արդարութիւնը, եւ անոր փրկութիւնը փայլակի նման պիտի բոցավառի:” (62.1):
Մեր ուժերով արդար ըլլալու փորձութիւնը շատ անգամ կը յայտնուի նաեւ այն տարակուսանքով, որ Աստուծոյ շնորհքը գուցէ բաւական չըլլայ մեզ սրբագործելու, երբ կը տեսնենք մեր մէջ եւ մեր չորս բոլորը՝ չարին եւ մեղքին առատութիւնը: Կը մտածենք, եւ գուցէ նաեւ համոզուած ենք եւ այդպէս իսկ կ’արտայայտուինք, որ Աստուած անկարող է չարին դէմը առնելու, պառաւներու պատմութիւններ են Հօր գոյութիւնն իսկ, եւս աւելի՝ անոր շնորհքներուն հոսմունքները:
Կը փորձուինք մենք զմեզ արդար նկատելու. մեր չարով շաղախուած մարդկային վիճակը կը տեսնենք իբրեւ օրինական եւ բնական: Չենք ուզեր տեսնել Աստուծոյ շնորհքին ներկայութեան իրականութիւնը, եւ թոյլ չենք տար–այսինքն՝ մեր կամքը չենք միացներ Անոր զօրութեան–որպէսզի Ան պտղաբեր դարձնէ մարդուն գեղեցիկ բնութիւնը, զոր մեծագործ արարչութեամբ ստեղծեց:
Բոլոր մարդիկ կը կազմեն Բարի Հովիւին հօտը, որովհետեւ ամէնքը “կոչուած” են վայելելու Աստուծոյ փրկութիւնը. ամէնքը կը լսեն անոր ձայնը, կը ճանչնան թէ այդ ձայնը Աստուծմէ կու գայ, բայց ամէնքը չէ որ կը համապատասխանեն այդ ձայնին հրաւէրին: Շատեր չենք ուզեր հետեւիլ մեր երկնաւոր հովիւին ձայնին՝ պահելու իր սիրոյ պատուիրանը. այն պատուիրանը որ կատարեալ է եւ կը կենագործէ մեր հոգին. այն պատուիրանը որուն ապահովութեան մէջ մանկական պարզութեամբ կարող ենք գտնել յաւիտենական իմաստութիւն. այն պատուիրանը որուն արդարութեան մէջ մեր սրտերուն իղձերը իրական կը դառնան՝ բերելով երջանկութիւն. այն պատուիրանը որ մեր աչքերուն լոյս կու տայ ուրախութեան փայլով. այն պատուիրանը որուն յաւիտենական սրբութեան մաքրութիւնը ոչ մէկ չարիք կարող է խծբծել. այն պատուիրանը որ աւելի յարգի է քան որեւէ նիւթական բարիք: (Սաղմոս 18/19.7–10):
Այս փորձութեան մէջ չիյնալու համար, Յիսուս մեզի սորվեցուց որ պէտք է ծառայ ըլլանք ամէնուն. բան մը որ չի համաձայնիր այս աշխարհի օրէնքին, ճիշդ որովհետեւ Աստուծոյ թագաւորութիւնը այս աշխարհէն չէ: Դիւրին չէ այս պատուիրանին հետեւիլ, որովհետեւ պէտք է սորվինք–սովորութիւն դարձնենք այս աշխարհէն դուրս ելլել՝ իսկապէս հրաշագործ քրիստոնեաներ ըլլալ:
