Նոր Արարած

Գալիլիոյ լեռը, ուր Յիսուս ժամադիր եղած էր առաքեալներուն հետ տեսնուելու, երկրաւոր աշխարհագրական անուն չունի, որովհետեւ այս հանդիպումը նոր արարչագործութիւն էր եւ տիեզերական առաքելութեան լրում մը, ոչ երկրաւոր եւ ոչ սահմանափակ: Նոր Ուխտին հիմնական Օրէնքը տուաւ Յիսուս այդ լեռան վրայ՝ աշակերտելու բոլոր հեթանոսները եւ զանոնք Աստուծոյ որդիներ ծնելու Մկրտութեան սրբարար խորհուրդով: Աստուծոյ այդ նոր արարածները բարի պիտի ըլլային, ինչպէս բարի է Աստուծոյ ամէն գործ:


Աւետարանիչները կը պատմեն Աստուծոյ Որդիին եւ մարդոց հանդիպումները: Այդ հանդիպումները բազմապատիկ բնոյթներ ունին, բայց միայն երեքը արդիւնաւէտ եւ ստեղծարար են եւ կու տան նաեւ մեզի բանալին՝ մատչելու Յիսուսի փրկագործ զօրութեան:


Ամէնէն հիմնականը այս երեքին մէջէն, զոր ինքնին Յիսուս միշտ փնտռած է՝ որպէս իր շնորհքը ընդունելու կարողութիւն՝ հաւատքն է: Երբ կը հայցենք առանց հաւատքի՝ Յիսուսի շնորհքները մեր վրայէն կը սահին անարդիւնաւէտ. քարը, օրինակի համար, պէտք է նախ իմացական կարողութիւն ունենայ որպէսզի կարելիութիւնը ունենանք նստելու եւ հետը զրուցելու: Հաւատքը կը պատրաստէ զմեզ որպէս արգաւանդ հող, ընդունելու Աստուծոյ Խօսքը—Յիսուս—եւ կեանք տալու Անոր՝ մինչեւ իսկ հարիւրապատիկ պտղաբերութեամբ:


Երկրորդ բանալին յոյսն է. ան մեր հաւատքին տարողութեան չափը կը կշռէ եւ կ’ապահովէ, երկսայրի յանդգնութիւնը կամ յանձնապաստանութիւնը բուժելով. թէ՛, առաջին, յանդգնութիւնը մեր անձնական կարողութիւններով ձեռք բերելու մեր փրկութիւնը. եւ թէ՛, երկրորդ, յանդգնութիւնը որ Աստուած ամենակարող ըլլալով՝ պարտաւոր է փրկել զմեզ, առանց մեր համապատասխան դարձին եւ հնազանդութեան: Եւ ճիշդ այս դերով՝ որ է մեր կամքը պատրաստել ընդունելու Աստուծոյ հրաւէրը՝ յոյսը կեանք կը պարգեւէ մեր հաւատքին, եւ կը տանի զայն դէպի Սէր, այսինքն դէպի Աստուած, դէպի բարի գործեր առանց տարակոյսներու:


Երրորդ բանալին սէրն է. առանց սիրոյ՝ մեր հաւատքն ու յոյսը աներեւոյթ եւ անպատրաստ կը մնան, ինչպէս Աստուծոյ Սուրբ Հոգիէն զուրկ արարչութիւն մը: Սէրը, արդարեւ, կը տպաւորէ Աստուծոյ պատկերը մեր հաւատքին ու յոյսին վրայ, եւ իւրաքանչիւրիս մէջ կը ներմարդացնէ Աստուծոյ դիմագիծն ու նկարագիրը. կը դարձնէ զմեզ Աստուծոյ նման բարի, ողորմած եւ գթած ամէն տեսակ տկարութիւններու հանդէպ. փրկիչներ եւ քաւիչներ ամէն տեսակ մեղքերու. պարգեւիչներ բոլոր երանութիւններուն՝ աղքատին, սգաւորին, հեզերուն, անոնց որ ծարաւի են եւ քաղցն ունին արդարութեան. բաշխողներ խաղաղութեան, ուստի եւ ծնողներ Աստուծոյ որդիներու: Սէրն է որ ամբողջութեան կատարելութիւնը կու տայ քրիստոնէական բարոյականին, որովհետեւ կ’ուղղէ մեր բոլոր կարողութիւնները դէպի Աստուած՝ սիրելու զԱյն բոլոր սրտով, բոլոր մտքով, բոլոր հոգւով, եւ ճիշդ նոյն կերպ՝ սիրելու մեր ընկերը: Այս սէրն է որ կը պահանջէ կատարելութիւնը բոլոր առաքինութիւններուն մէջ, որովհետեւ հակառակ պարագային՝ սէրը անկատար պիտի մնայ եւ մենք կատարեալ պիտի չըլլանք ինչպէս մեր երկնաւոր Հայրը կատարեալ է:


Հաւատքի, յոյսի, եւ սիրոյ կատարելութեամբ քրիստոնեային ամէնէն աննշան համարուած գործերն անգամ կը ստանան փրկագործական տարողութիւն, եւ յաւիտենական կեանքի պտուղը կու տան, որովհետեւ Աստուծոյ եւ մարդուն կեանքերը կը կապեն իրարու, կը միացնեն երկուքը անխառն եւ անշփոթ, Եկեղեցւոյ՝ Քրիստոսի Մարմնին՝ Նոր Արարչութեան բնութեան հաղորդութեամբ:

Facebook
Twitter
LinkedIn

Post a comment