Պատրա՞ստ Ես Աղօթելու

Ալեսսանտրոյ Դեհո՛ իտալացի ճգնաւորը օրական իր ընթերցումներէն միոյն ընթացքին կը հանդիպի Իսահակ Նինուէացիի՝ կամ Իսահակ Ասորիին խորհերէն միոյն, որով ութերորդ դարուն ապրած անապատական այս հայրը կ’անդրադառնայ որ շատ դժուար է գտնել մարդ մը որ կարող ըլլայ տանելու պատիւներ առանց անոնցմէ ազդուելու, նոյնիսկ եթէ հրեշտականման կեանք մը կ’ապրի ան: 

 

Ճգնաւորը անակնկալի կու գայ այսքան պարզ եւ ջինջ ճշմարտութիւն մը իր աչքերուն առջեւ բանաձեւուած գտնելով: Փորձութիւնը՝ իբրեւ թէ Աստուծոյ նուիրելու պատիւը եւ վերացական խոնարհութեամբ մը ըսելու որ Տէր Յիսուսի եւ Եկեղեցւոյ փառքին համար են այս պատիւները շատ հեշտ կը թուի. եթէ նոյնիսկ հրեշտակները զերծ չեն անկէ՝ որքան եւս աւելի մեզի նման հողանիւթ մարդիկը: Միակ բանը որ պէտք ենք ընել՝ դիմադրելու համար այս փորձութեան է քաշուիլ հոգեւոր անապատ եւ ենթարկուիլ աղօթքի մղումին, որովհետեւ աղօթքը ճշմարտութեան խիստ ատեանն է:

 

Այս ատեանին մէջ աղօթքով կը կազմենք ցուցակը մեր սրտերուն մէջ սողոսկող այն բոլոր պատիւներուն որ կը լեցնեն մեր հոգիներուն պարապութիւնը. պարապութիւն որ շատ կը նմանի մահուան եւ զարհուրանքով կը համակէ մեր էութիւնը: Երկունքի այս սարսափելի տանջանքէն աղօթքը մեզ կ’ազատէ, որովհետեւ կը խզէ մեր եսասիրութեան կապերը պատիւներէն. զոհագործութեան սուրով կը կտրէ, նման նորածինին պորտալարին, որպէսզի նոր մարդկութեան մը ծնինք: Հրաժարում՝ որ սկզբնական րոպէներուն զգլխիչ թեթեւութեամբ կը լիացնէ մեզ, բայց շուտով առանձնութեան ծանրութիւնը կը հասնի մեր վրայ, մերկութեան գիտակցութիւնը, մեր ապահովութիւններուն դրախտէն դուրս վտարումը. բայց ի վերջոյ՝ աղօթք, որ կը հասցնէ մեզ Աստուծոյ որդիներուն ազատութեան:

 

Ճշմարտութեան այս զոհասեղանին վրայ մեր առջեւ կը տեսնենք Քրիստոսի մարմինը՝ խաչին բեւեռած, եւ այդ մաղէն կ’անցնենք մեր ամբողջ կեանքն ու էութիւնը, մեր իղձերն ու ծրագիրները՝ մաքրելով հեշտութեամբ բաշխուած պատիւներէն ու մարդկային ամէն անցաւոր փառքերէն:

 

Պատրա՞ստ ենք մտնելու աղօթքի այս ատեանը եւ դէմ-առ-դէմ գտնուիլ աստուածային շնորհքին փրկարար զօրութեան. եւ ոչ միայն մաքրուիլ մեղաւորութեան որեւէ եւ ամէն բիծերէն, այլ նաեւ սորվիլ մնալ կառչած Տէր Յիսուսի իր խաչին բեւեռներով, որպէսզի արժանանք Անոր հետ լեցուելու Երկնաւոր Հօր սիրով: Ահա այդ պիտի ըլլայ սկիզբը Սուրբ Հոգիով եւ ճշմարտութեամբ մեր աղօթքին, որ անկարելի է “կարդալ” կամ “երգել” կամ “ըսել” այլ միայն ապրիլ զայն Աստուծոյ իսկ կեանքով, Աստուծոյ բնութեամբ: Ահա այս աղօթքը պիտի նաեւ կարող ըլլայ կեանք տալու մեր չորս բոլորի աշխարհին:

Պատրա՞ստ ես այս աղօթքին:

Facebook
Twitter
LinkedIn

Post a comment