Շնորհքի Վարձքը Ուրիշ է

Այգեգործ մշակներուն առակը միայն Մատթէոս աւետարանիչը կը պատմէ (20.1–15): Աստուծոյ արքայութեան օրինակ մը կու տայ Յիսուս այս առակով, որ բազմազան միտքեր կը պարունակէ: Աստուած պատկերացուած է իբրեւ տանուտէր մարդ մը, որ առաւօտ կանուխ հրապարակ կ’երթայ մշակներ վարձելու իր այգիին համար:


Առաջին խումբին հետ կը սակարկէ մէկ դահեկանի օրավարձը, եւ կը ղրկէ զանոնք իր այգին գործելու: Օրուան ընթացքին՝ Տէրը տարբեր ժամերու հրապարակ կու գայ եւ նոր խումբեր ալ կը վարձէ: Օրուան վերջին ժամուն ալ կու գայ հրապարակ, եւ դարձեալ կը գտնէ այդտեղ գործաւորներ. կը հարցնէ անոնց թէ ինչու՞ անգործ նստեր են այդ տեղ. գործաւորները կը պատասխանեն, որովհետեւ ոչ մէկը զիրենք չէր վարձած: Տէրը կ’ըսէ անոնց, “Դուք ալ գացէք իմ այգիս:”


Աշխատանքային օրը վերջանալուն՝ գործաւորները կը հաւաքուին ստանալու համար իրենց վարձքերը: Տէրը կը սկսի աշխատավարձը բաշխել ամէնէն վերջին ժամուն վարձուած գործաւորներէն, տալով անոնց մէկական դահեկան: Առաջին ժամուն վարձու առնուած գործաւորները տեսնելով այս՝ կ’ակնկալեն որ իրենց աւելի պիտի տրուի, որովհետեւ ամբողջ օրը աշխատած էին, գործին մեծ մասը իրենք կատարելով կիզիչ արեւուն տակ: Բայց կը ստանան այնքան որքանի սակարկած էին առաւօտ կանուխ Տիրոջ հետ. եւ կը բողոքեն այս ստեղծուած անարդարութեան դէմ:


Յիսուս կը փակէ առակը շատ աւելի մեծ խորհուրդ մը յայտնելով, “Միթէ ես ազատ չե՞մ իմ ունեցածս տնօրինելու ինչպէս որ կ’ուզեմ:” Աստուծոյ եւ մարդոց հասկացողութիւններուն միջեւ գոյութիւն ունեցող հիմնական տարբերութիւնը ցոյց կու տայ Յիսուսի այս անդրադարձութիւնը: Աստուած չի ղեկավարուիր սակարկութեան օրէնքներով, ոչ ալ այն ակնկալութիւններով որ իրը չեն: 


Ուստի մեր հոգեւոր կեանքին հիմերը դնելու ենք Աստուծոյ ակնկալութիւններուն վրայ. ի՛ր արդարութեան հասկացողութիւնը պէտք է դարձնենք մերը: Կապելու կամ արձակելու ի՛ր ըմբռնումը պէտք է որդեգրենք որպէս ուղեցոյց մեր որոշումներուն: Քաւութեան եւ թողութեան ի՛ր նժարը պէտք է կազմէ կշռելու մեր ողորմութեան եւ գթութեան չափը:

 

Աստուածային բնութեան առատութիւ՛նը պէտք է ըլլայ մղիչ ուժը մեր անձնական կարողութիւնները ընդլայնելու եւ զարգացնելու հոգեւոր գործին մէջ: Աստուծոյ շնորհքին չափով պէտք է աճի մեր մանանեխի հատիկ մարդկային բնութիւնը եւ տարածէ ճիւղերը հաւատքի զօրութեամբ՝ որպէս իսկական պատկեր Աստուծոյ, եւ Անոր շնորհքներուն կեանք տուող պաշտպանութեան տակ ապաւէն պիտի գտնեն բոլոր անոնք որ կարիքն ունին հանգիստի եւ սիրոյ, խնամքի եւ գուրգուրանքի: Երբ մեր մարդկային բնութիւնը այս հաւատքով հասնի իր կատարեալ աճումին, այն ատեն պիտի հասկնանք ստուգապէս թէ որքան տարբեր է շնորհքի օրէնքով մտածելն ու գործելը. որքան տարբեր է Քրիստոսի միտքը ունենալն ու այդ միտքով կառավարուիլը նոյնիսկ ամէնէն ջնջին համարուած մեր որոշումներուն մէջ:


Նոր տարին թող ըլլայ բոլորիս համար շնորհքի օրհնեալ օրերու նոր ժամանակ:

Facebook
Twitter
LinkedIn

Post a comment