Յովհաննէս աւետարանիչը Յիսուսի վարդապետութիւնը ամփոփած է տրամախօս ոճով ներկայացուած ճառերով: Յիսուս երբեմն կը հակաճառէ փարիսեցիներուն եւ դպիրներուն դէմ, երբեմն կը սորվեցնէ պարզ ժողովուրդէն խօսակիցներու, ուրիշ անգամներ՝ իր Երկնաւոր Հօր հետ՝ աղօթքով: Վերջին Ընթրիքին նկարագրութեան մէջ Յիսուս կը յայտարարէ աշակերտներուն թէ այս աշխարհին մէջ ցաւ ու նեղութիւն պիտի կրեն, բայց քաջ ըլլան, որովհետեւ ինք յաղթած էր այդ աշխարհին (Յովհաննէս 16.33):
Բնականաբար մեր միտքը հարց կուտայ թէ ի՛նչ է իմաստը Յիսուսի այս քաջալերանքին. մանաւանդ երբ մեր մարդկային միտքով փոփոխութիւն մը չենք տեսներ աշխարհի օրէնքին մէջ. բնական արհաւիրքները՝ երկրաշարժներու, ժանտախտներու եւ այն ամէն բաներուն որ դժբախտութիւն կ’անուանենք՝ տեղի կ’ունենան, մեր մարմինները հիւծող հիւանդութիւններն են ընդհակառակն յաղթական. եւս աւելի՝ չեն յաղթահարուած մարդոց չարացած կամքէն յառաջ եկող անթիւ եւ անհամար խժդժութիւնները, որոնք մանրէներու նման բազմածին՝ մեր չորս բոլորը կը վխտան, ինչպէս կը նկարագրէ Սբ. Գրիգոր Նարեկացին (Բան 15.3), եւ կ’ընկղմեն մեզ իրենց զզուելի լրբութեամբ:
Ի՞նչպէս ընկալենք Յիսուսի այս մեծ աւետիսը չվհատելու, մանաւանդ թէ՝ քաջալերուելու. ի՛նչպէս կարելի է հաղորդ ըլլալ Տիրոջ այս խօսքերուն: Կա՞յ իրականութիւն մը ուր Յիսուսի այս աւետարանը շօշափելի է: Մեր այս հարցումներուն պատասխանը կը գտնենք նոյնինքն Յիսուսի խօսքերուն մէջ, երբ աղօթելով իր Երկնաւոր Հօր կ’ըսէ. “Ես քեզ փառաւորեցի երկրի վրայ, կատարեցի այն գործը որ ինծի յանձնեցիր ընելու (16.4), քու անունդ յայտնեցի մարդոց (հր.6), քու խօսքդ տուի անոնց (հր.14), ղրկեցի զանոնք աշխարհին, ինչպէս դուն զիս ղրկեցիր (հր.18), տուի անոնց նոյն փառքը որ դուն ինծի տուիր (հր.22), որպէսզի նոյն սէրը որով դուն զիս սիրեցիր՝ անոնց մէջ ըլլայ (հր.26):”
Կ’ուզե՞նք որ մեր մէջ լիով կեանք առնէ Տէր Յիսուսի այս քաջալերական ուրախութիւնը (Յովհաննէս 17.13). ապա պէտք ենք փառաւորել Երկնաւոր Հօր անունը՝ կատարելով Անոր մեզի յանձնարարած գործերը. ամէնքս մեր գործերով եւ ստացած շնորհքներով պէտք է սերմանենք Աստուծոյ խօսքը, ոչ թէ մարմնաւոր ապականութեամբ թաթաղուն մեր խաբեպատիր խօսքերով. չձանձրանանք բարին գործելէ, որովհետեւ այդ է միակ ստոյգ կերպը Աստուծոյ փառքը տալու ուրիշներուն: Այս է աւետարանին քարոզութիւնը՝ Երկնաւոր Հօր սէրը հետապնդել, եւ սիրոյ հետեւիլ, որպէսզի այդ սէրը գոյանայ աշխարհի մէջ եւ փոխակերպէ չարութեան ընտել մեր կամքը (1 Կորնթացիս 13.31):
Սիրոյ քարոզութիւնը երկար-բարակ խօսքերով չի կատարուիր, այլ Աստուծոյ շնորհքները ի գործ դնելով (2 Կորնթացիս 1.12) եւ ամէնուն մէջ հաստատելով սէրը (2.6), առանց նենգելու Աստուծոյ խօսքը (4.2): Այն ատեն միայն Աստուծոյ գանձերը, որ դրած է մեր խեցեղէն մարմիններուն մէջ (4.7), պիտի լուսաւորեն աշխարհի խաւարը, եւ ինքնին Յիսուս իր կեանքով պիտի յայտնուի մեր մահկանացու մարմիններուն մէջ (4.11):
