Ի՞նչ չափով կը կշռենք մարդուն արժէքը: Յուդա Իսկարիովտացին երբ գնաց հրէական իշխանութիւններուն՝ մատնելու իր Վարդապետը, անոնք գին կտրեցին Յիսուսի արժէքին համար (Մատթէոս 26.14–16): Մատթէոսի համաձայն երեսուն դրամ էր գումարը. այս գումարը հաւանական է որ աւետարանիչին մտքին մէջ մարգարէական արժէք ունէր: Արդարեւ, Սուրբ Գիրքին մէջ կայ Զաքարիա մարգարէին խորհրդաւոր պատգամը՝ Աստուծոյ եւ Իսրայէլի միջեւ ուխտը վերացնելու, ուր ժողովուրդը կ’արձակէ հովիւը՝ Աստուած՝ անոր աշխատավարձ տալով երեսուն արծաթ դրամ (ամբողջ 11րդ գլուխը), գործնականին մէջ Աստուծոյ ըսելով՝ գնա՛, այլեւս քեզի պէտք չունինք:
Զաքարիայի մարգարէութեան պատկերը նկարուած է Ղեւտական գիրքին մէջ սահմանուած ուխտադրութեան կարգով, որուն համաձայն քսան տարեկանէն մինչեւ յիսուն տարեկան ուխտաւոր այր մարդը պէտք էր յիսուն դրամ տալ ուխտը կնքելու եւ ամբողջացնելու համար, իսկ կին մարդը՝ երեսուն (Ղեւտական 27.3–4): Քահանայապետներուն հասկացողութեամբ՝ Յիսուս կին մարդու արժէք ունէր. նախատինքի այս արտայայտութեամբ՝ Աստուած ճանչնալու իրենց մթագնած միտքով կը կարծէին յարգած ըլլալ օրէնքին հանդէպ պատշաճութեան պահանջքը:
Մենք ի՞նչ կշիռքով պիտի արժեւորենք մենք զմեզ եւ մեր ընկերը: Աստուծոյ պատկերներն ենք: Ի՞նչ գին պիտի տանք, նախ՝ մենք մեզի, եւ ապա՝ ո՛ եւ է մարդու:
Այդ կախում ունի թէ ո՛րքան կը ճանչնանք Աստուած: Ո՛րքան կը սիրենք զայն: Ի՛նչ յարգ ունի Աստուծոյ ներկայութիւնը մեր կեանքին մէջ: Աստուած կա՞յ մեր կեանքին մէջ, մեր գոյութեան տալու համար յաւիտենական իմաստ եւ արժէք: Թէ Աստուծոյ հանդէպ մեր սէրը կը նմանի աւելի կէտադրութեան, քան Քրիստոս՝ որուն աշակերտի ինքնութիւնը կը կազմէ իմաստը մեր գործերու արձանագրութեան կեանքին մէջ. կը գոհանա՞նք որ միայն կէտերը իմաստ ունենան մեր աւետարան-կեանքին մէջ:
Յիսուս իր քարոզութեամբ տուաւ մեզի արժէքներու համակարգը, որոնց գործադրութեամբ միայն կարելի է իրականացնել մեր Աստուծոյ պատկերին նմանութիւնը: Աստուծոյ պատկեր ըլլալը տրուած է մեզի որպէս կարողութիւն. պէտք է իրականացնենք այդ կարողութիւնը: Աստուծոյ պատկեր ըլլալը մեզի տրուած է որպէս տաղանդ. շահարկելու ենք այս տաղանդը, որպէսզի մեր մէջ կերպարանք առնէ Աստուծոյ գեղեցիկ դէմքը:
Սբ. Եփրեմ Ասորին հաւատքի մասին գրած եօթ երգերուն անունը դրած է Մարգարիտ: Այս երգերով ան կը նկարագրէ Աւետարանին քարոզութեամբ մեր առջեւ բացուած երկնաւոր արքայութիւնը՝ Յիսուսի առաջարկած մեծայարգ մարգարիտին պատկերով (Մատթէոս 13.46): Ան կը նկարագրէ թէ ինչպէս իր ափին մէջ ունի այս գեղեցիկ մարգարիտը, եւ զմայլանքով կը դիտէ անոր գեղեցկութեան մէջ Աստուծոյ սէրը մարդուն հանդէպ, եւ թէ այդ սէրն է որ կը սահմանէ իւրաքանչիւր մարդու արժէքը: Բայց պէտք է որ Աստուծոյ նոյն սէրը ունենանք մենք եւս մեր մէջ՝ որպէսզի կարենանք տեսնել այդ արժէքը:
Ափիդ մէջ միշտ հետդ ունեցիր մեր գեղեցիկ մարգարիտը:
