Սբ. Գրիգոր Նիւսացի հայրապետը կը գրէ իր “Կատարելութիւն որուն քրիստոնեան պէտք է հասնի” ճառին մէջ, որ մեր գաղափարականը Քրիստոս է, որուն անունը կը կրենք: Ողիմպոս անուն մենակեացը կը խնդրէ Գրիգորէ որ ուղղութիւն տայ իրեն՝ հասնելու կատարելութեան, ապրելով առաքինի կեանք մը: Հայրապետը առիթը կ’առնէ սորվեցնելու մենակեացին եւ մեզի, որ կատարելութեան հասնելու լաւագոյն ճամբան նմանիլն է Քրիստոսի. եւ կը հաւաքէ Պօղոս Առաքեալին նամակներէն Քրիստոսի անունները, եւ կ’ըսէ որ այդ անունները կու տան մեր ինքնութեան իսկութիւնը:
Քրիստոսի անունները ոչ միայն գաղափարական յատկութիւններն են որոնց պէտք է ձգտի քրիստոնեայ աշակերտը, այլ նաեւ ներգործօն շնորհքներ են, որոնց միջոցով Սբ. Հոգին կը կերպաւորէ մեր հոգիներն ու մարմինն իսկ որպէս ինքնին Աստուծոյ որդիներ, հաղորդելով մեզի Անոր Միածին Որդիին շնորհքները:
Այսպէս՝ Քրիստոս ըլլալով Աստուծոյ զօրութիւնն ու իմաստութիւնը, քրիստոնեան եւս կը կատարելագործուի եւ կը դառնայ Աստուծոյ զօրութիւնն ու իմաստութիւնը: Քրիստոս խաղաղութիւնն է, զոր Հայր Աստուած կը բաշխէ իր Նոր արքայութեան մէջ. քրիստոնեան եւս կատարելութեան կը հասնի երբ բաշխէ խաղաղութիւն իր չորս բոլորը:
Քրիստոս ճշմարիտ լոյսն է. փրկութիւն է. մեր Զատիկն է. քահանայապետն է, միեւնոյն ատեն է նաեւ պատարագին զոհը. Երկնաւոր Հօր փառքին ճառագայթն է. կերպարանքն է Հօր բնութեան. հոգեւոր ճաշ է եւ ըմպելի. վէմն է եւ հիմնաքարը մեր հաւատքին. պատկերն է աներեւոյթ Հօր. Եկեղեցիին՝ իր մարմնին գլուխն է. Աստուծոյ եւ մարդոց միջնորդն է. Երկնաւոր Հօր Միածին Որդին է. սկիզբն ու պատճառն է բոլոր արարչութեան. թագաւորն է արդարութեան եւ խաղաղութեան:
Քրիստոնեային կատարելութեան ճամբան, ուստի, շատ յստակ կերպով գծուած է: Տարակոյս չունինք թէ ի՛նչ կը նշանակէ Յիսուսի աշակերտ ըլլալ եւ անոր դպրոցէն պսակաւոր աւարտել:
Մենք ալ պէտք է դառնանք ճշմարիտ լոյս, փրկութիւն՝ բոլոր անոնց որոնց կը մօտենանք, քահանայապետներ ըլլանք մատուցանելու Երկնաւոր Հօր ընդունելի պատարագը՝ ոչ այլ զոհով քան մենք զմեզ, որպէսզի կարենանք քաւութիւն եւ թողութիւն շնորհել աշխարհի, Հայր Աստուծոյ պատկերները եւ կերպարանքը ներկայացնենք, հոգեւոր կեանքի կերակուրն ու ըմպելին դառնանք ոչ թէ մեր խօսքերով եւ ճառերով, այլ՝ մեր գործերով, առաջնորդ եւ ռահվիրայ ըլլանք որպէս անդրանիկ եղբայրներ, հաշտութեան միջնորդներ՝ բաշխելով մեր Հօր կատարեալ պարգեւները, եւ ոչ թէ անիծողներ՝ որ բանադրանքներ կը տեղան աջ ու ձախ: Միայն այն ատեն պիտի դառնանք Աստուծոյ գործակիցներ՝ նոր երկիրն ու նոր երկինքը ստեղծելու, իրականցնելով փրկագործութեան արարչութիւնը:
Նիւսացի հայրապետը կը փակէ իր ճառը ըսելով որ՝ “ճշմարիտ կատարելութիւնը երբեք չի հանգչիր, այլ միշտ կ’աճի դէպի լաւագոյնը. կատարելութիւնը չի փակուիր նեղ սահմաններու մէջ:”
