Մարգարէին ամէնէն ցայտուն յատկանիշներէն մին է ըլլալ բերողը Աստուծոյ պատգամներուն: Մարգարէական սուրբ գիրքերը ամէնքն ալ կը նկարագրեն թէ ինչպէս Աստուած կ’ընտրէ եւ կը ղրկէ իր պատգամաբերները, ըսելով անոնց “գնա՛ եւ ըսէ՛” խօսքերը. իսկ մարգարէները իրենց խօսքը կ’ուղղեն Աստուծոյ ժողովուրդին ըսելով “Լսեցէ՛ք ի՛նչ կ’ըսէ Աստուած”: Երեմիա մարգարէն, օրինակի համար, հետեւեալ եւ նման բառերով կը նկարագրէ իր առաքելութիւնը. “Աստուծոյ խօսքը եկաւ ինծի եւ ըսաւ. գնա՛ եւ հետեւեալը գոչէ՛ Երուսաղէմի ականջներուն մէջ:” (2.1):
Անոնք որ միտ կը դնեն Աստուծոյ խօսքերուն՝ կը մաքրուին այդ խօսքին բերած արդարութեամբ, որովհետեւ Աստուծոյ խօսքը ճշմարտութիւն է, եւ ճշմարտութիւնը կը փրկէ (1 Պետրոս 1.22): Քրիստոնեան մկրտութեան սրբարար խորհուրդով կը ծնի որպէս Աստուծոյ որդի, եւ կը դառնայ Աստուծոյ խօսքը եւ Անոր պատգամաբերը: Ուստի, մենք իւրաքանչիւրս պէտք է սորվինք խօսիլ եւ հասկնալ Աստուծոյ լեզուն, որպէսզի հաւատարմօրէն կարենանք հաղորդել Տիրոջ պատգամները մեզի լսողներուն:
Եւ մեծագոյն դպրոցը ուր կարելի է սորվիլ Աստուծոյ լեզուն՝ աղօթքն է: Աղօթքը առհասարակ կ’ըմբռնենք որպէս Աստուծոյ ներկայանալով Անորմէ խնդրել շնորհքներ եւ բարիքներ. եւ երկար է ցուցակը բոլոր մեր իղձերուն, հակառակ որ Յիսուսի սորվեցուցած միակ աղօթքին մէջ՝ միայն երեք խնդրանքներ արժանի համարած է որ ներկայացնենք Երկնաւոր Հօր. մեր ամէնօրեայ հացը, մեր պարտքերուն թողութիւնը, եւ հեռու պահել մեզ փորձութիւններէ՝ որպէսզի չարէն ազատ մնանք:
Ուրեմն կարեւոր է՝ ճշտենք մեր հասկացողութիւնը թէ ի՛նչ է աղօթքը ստուգիւ: Աղօթքը լսել է Աստուծոյ, մտիկ ընել է Երկնաւոր Հօր՝ իմանալու համար թէ ի՛նչ է Անոր խօսքն ու պատգամը, զոր պէտք է կրենք եւ բաշխենք մեր չորս բոլորը: Կարեւոր է՝ ուղիղ կերպով հասկնանք Աստուծոյ խօսքը, որովհետեւ այդ է մեր ինքնութիւնը կազմող կորիզը. եթէ ճշմարիտ պատկերներն ենք Երկնաւոր Հօր, ապա ուրեմն պէտք է շատ նմանինք Յիսուսի՝ Անոր միածին Որդիին, որովհետեւ Յիսուս Խօսքն է Երկնաւոր Հօր:
Այդ խօսքը ուղիղ կերպով հասկցած կ’ըլլանք, երբ Աստուծոյ արժանի գործեր կ’ըլլան մեր գործերը, հաւատարիմ մեր ինքնութեան եւ ստացած այս մեծ շնորհքին: Մկրտութեան խորհուրդով մեր ստացած սրբարար շնորհքը հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ՝ պէտք է միշտ պայծառ փայլի մեր բոլոր արտայայտութիւններուն եւ գործերուն մէջ: Այսինքն՝ մենք պէտք է ընտիր ծանօթութիւնը ունենանք շնորհքի այս լեզուին եւ խօսինք զայն անսայթաք. աղօթենք այդ լեզուով, մեր պատգամը հաւատարիմ կերպով փոխանցէ Աստուծոյ խօսքը բոլոր անոնց որ բախտը պիտի ունենան մեր խօսակիցը ըլլալու:
Ամէն անգամ որ բանանք մեր բերանը՝ պիտի մխիթարենք վիշտերով սրտաբեկ հոգիները, մեր իւրաքանչիւր գործը նոր արարչութիւն մը պիտի ըլլայ մեր Երկնաւոր Հօր զօրութեամբ, բարձրացնելու համար Անոր բնակութեան հոյակերտ տաճարը՝ Եկեղեցին:
