Ամէն անգամ որ կարդանք Աստուծոյ Խօսքը, ամէն անգամ որ լսենք այդ՝ սուրբ Պատարագին կամ ծիսական արարողութիւններու ընթացքին, Յիսուս է որ կը մտնէ մեր տան մէջ՝ ինչպէս մտաւ Երուսաղէմ: Կը մտնէ մեր բնութեան մէջ՝ բերելու համար Աստուծոյ կեանքը. կու գայ մեր խոնարհ յարկին տակ՝ իր սիրոյն կրակով կեանք տալու մեր մարած ակութներուն. հրահրելու իր Սուրբ Հոգիով մեր գործերը, որպէսզի Ինք Յիսուս, Երկնաւոր Հօր Խօսքը, իր հզօր ձայնով կանչէ մեզ՝ դուրս գալու մեր նիւթական բնութեան գերութենէն՝ դէպի մասնակցութիւն իր աստուածային կեանքին:
Բայց պէտք է ընդունինք մեր Տէրը, որպէսզի այս հրաշքը կարենայ կատարել. պէտք է ընդունինք զինք օրհնութեամբ, մեր ամբողջ բնութիւնը պէտք է դղրդի եւ ոտքի ելլէ ընդունելու համար երկնքի ու երկրի արարիչը մեր խոնարհ տան մէջ: Ամէն անգամ որ լսենք կամ կարդանք Աւետարանը, վազենք դիմաւորելու մեր հրաշալի Տէրը. չսպասենք մինչեւ ան հասնի մեզի. հազիւ իր ձայնը լսենք մեր սրտով, վեր ցատկենք՝ լարուած հաւատքով՝ եւ խայտանք այդ ձայնին Սուրբ Հոգիին շունչը առնելով, եւ տանք մեր մարդկեղէն բնութիւնը մեր Աստուծոյն, որպէսզի փոխարկէ մեզ իր Մարմնոյն եւ Արեան, տայ մեզի իր կեանքը:
Աւագ շաբաթը ապրինք Յիսուսի հետ, ամէն օր քալենք իրեն հետ դէպի տաճար՝ լսելու համար իր քարոզութիւնը, երեկոյեան վերադառնանք Բեթանիա: Մաքրենք մեր տաճարը աւելորդ ամէն բանէ որ կը հեռացնէ մեր ինքնութիւնը Աստուծոյ եւ աղօթքի տուն ըլլալէ:
Նստինք իր ընթրիքի սեղանին եւ գոհանանք մեր փրկագործութեան հզօր պատմութիւնը վերյիշելով. պատմենք մեր Տիրոջ Յիսուսի մահը մինչեւ Ան գայ: Ընկերանանք Յիսուսի՝ Գեթսեմանիի պարտէզին մէջ՝ աղօթելու համար որ Երկնաւոր Հօր կամքը կատարուի մեր կեանքին մէջ եւս: Չփախչինք, եւ մեր բոլոր սուրբ սկզբունքները չթօթափենք ոտքի փոշիի պէս՝ երբ փորձութեան ժամը հասնի: Քալենք Յիսուսի հետ իր Խաչի ճամբուն վրայ, եւ մաս կազմենք երանիին երբ մեր Տիրոջ անուան համար կը հալածուինք: Միանանք Սբ. Ներսէս Շնորհալի հայրապետին աղօթքին, եւ տարածենք Յիսուսի խաչին վրայ մեր ալ ձեռքերը Յիսուսի ձեռքերուն հետ, բեւեռենք մեր ոտքերը իր ոտքերուն հետ. մեռնինք մեր Տիրոջ հետ, թաղուելու համար իր հետ. եւ մեր մկրտութեան խոստումներուն նորոգութեան մէջ՝ պիտի յարութիւն առնենք Յիսուսի հետ:
Այս նոր ուխտագնացութեան յայտագիրով թող մեր Աւագ Շաբաթը դառնայ հոգեւոր նորոգութեան շնորհաբեր ժամանակ: Եթէ մեր գործի յանձնառութիւնները չեն արտօներ որ այս շաբթուան ընթացքին ամէն օր եկեղեցի հանդիպինք՝ ամփոփուելու համար Տէր Յիսուսի հետ, կրնանք հոգիով եւ մտքով միանալ Անոր: Ոչ մէկ արգելք կայ մեր առօրեայ պարտականութիւնները կատարած ատեն՝ մեր հոգին ու միտքը պարզելու Սուրբ Հոգիին շունչին, որպէսզի առաջնորդէ մեզի կատարելու մեր երկրպագութիւնը հոգիով եւ ճշմարտութեամբ:
