Յարութիւն Առնենք Նոր Կեանքով

Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց: Օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի:

 

Չկայ աւելի գեղեցիկ ողջոյն քան մեսիական խաղաղութիւնը աւետող այս հրաշալի մաղթանքը: Ուրախութեան եւ ցնծութեան տօն է, որովհետեւ չարը պարտուեցաւ եւ անոր նիւթած բոլոր սադրանքները Աստուծոյ Սուրբին դէմ ի թերեւ ելան: Կեանքի իշխանը փորձեցին սպաննել, կարծեցին որ յաղթեցին եւ մէջտեղէն վերցուցին իրենց խիղճը ուղղութեան եւ շնորհքի հրաւիրող քարոզիչը. բայց տեսան որ անկարելի է անոր կեանքի խօսքերը խեղդամահ ընել:

 

Հրեաներուն մօտ յաւիտենական թագաւորութեամբ սահմանուած Օծեալ-Մեսիային գալուստը մշակուած էր մարդկային եւ նիւթական ստորոգելիներով. մեսիական թագաւորութիւնը երկրաւոր թագաւորութիւն մը ընկալուած էր: Ընդհանուր առմամբ՝ ոչ ոք մտածած էր զայն ըմբռնել Երկնաւոր Հօր արքայութեան եզրերով, այնքան՝ որ չէին հասկնար Յիսուսի քարոզութիւնը եւ գործածած առակներն ու օրինակները, հակառակ որ Յիսուս միշտ հաստատած է որ այս արքայութիւնը եւ իր թագաւորութիւնը այս աշխարհէն չէ: 

 

Իր քարոզութեան ընթացքին՝ Յիսուս կը փնտռէր թէ ի՛նչ պատկերով կարող էր ներկայացնել Երկնաւոր Հօր արքայութիւնը. կ’ըսէր որ այդ արքայութիւնը կը նմանի շատ թանկագին մարգարիտի մը, որուն համար մէկը չի տատամսիր իր ամբողջ կեանքը տալ՝ ստանալու զայն. եւ կը յուսար որ իր ունկնդիրները ուղիղ կերպով պիտի հասկնային այդ պատկերին վերաբանութիւնը: Բայց, մարգարիտին նիւթական գեղեցկութիւնը շլացուցիչ է եւ մեր ուշադրութիւնը կը սեղմէ նիւթական աշխարհին սահմաններուն մէջ. անզգալաբար մեր ակնարկը կը շեղի երկինքէն դէպի երկիր, եւ կը համակուինք աշխարհի հոգերով: Պէտք է համոզուինք ի վերջոյ՝ որ ինքնին Յիսուս, ինչպէս ինքն իսկ կը վկայէ ինքնիր մասին, այս աշխարհէն չէ. եկած է այս աշխարհ, որպէսզի աշխարհ իմանայ որ կայ մեղք, կայ անարդարութիւն, կայ չարը. (Յովհաննէս 16.8-11): Մարդիկ չեն հաւատար որ կայ չարը. անոնք կը հաւատան իրենց ուժին եւ իրենց օրէնքներուն, եւ այդ օրէնքները բարի եւ արդար կը դատեն (Մարկոս 10.42-43): Բայց Աստուծոյ արքայութեան նոր օրէնքը այդպէս չէ, այլ է հեզութիւն եւ ծառայութիւն՝ նոյնիսկ մեր կեանքը տալու աստիճան (Մարկոս 10.45):

 

Եւ այս հոգեւոր ճշմարտութեան ամէնէն մեծ իրականութիւնն է Յիսուսի յարութիւնը, որուն վկաներն են Առաքեալները եւ իր աշակերտները: Անոնք Յիսուսի հետ էին եւ ունկնդրած էին Անոր քարոզները. սորված էին աստուածային վարդապետէն թէ ինչպէս պէտք է կապուած մնալ կեանք բերող որթին՝ սնունդ ստանալու համար Սուրբ Հոգիին աւիշով. թէ ինչպէս պէտք է մնալ Յիսուսի մէջ՝ ընդունելու համար Հօր հաճութիւնը եւ խնամքը, որովհետեւ առանց Տէր Յիսուսի մենք ոչինչ կրնանք ընել (Յովհաննէս 15.1-5):

 

Կեանքով լեցուն այս յարութեան օրը՝ մաղթենք իրարու մնալ Տէր Յիսուսի մէջ, որպէսզի իր աստուածային կեանքը լեցնէ մեր մէջ եւ մեր միջոցով՝ ամբողջ աշխարհը:

Facebook
Twitter
LinkedIn

Post a comment