Բարձրանալ Աստուծոյ Լեռը

Մարդկային մշակութային ըմբռնողութեան մէջ լեռները կամ բարձունքները առհասարակ համարուած են Աստուծոյ այցելութեան նախասիրեալ վայրեր, գուցէ որովհետեւ “վեր” են մեր ամէնօրեայ թանձրութեան ծանրութենէն:


Հին Կտակարանին մէջ Աստուած իր Ուխտը կնքեց իր ժողովուրդին հետ Հորէպ լեռան վրայ, իր բնակութեան Տաճարը պատուիրեց կերտել Սիոն լեռան վրայ, Դատաւորներու շրջանին՝ Դեբորա  հրահանգեց Բարակի բարձրանալ Թաբոր լեռը ստանալու համար Աստուծոյ օգնութիւնը: 


Իսկ Նոր Կտակարանին մէջ Աստուծոյ փրկագործութեան յայտնութիւնը կատարուեցաւ նոյն Թաբոր լեռան վրայ Յիսուսի իսկական ինքնութեան յայտնութեամբ, եւ ապա Գողգոթայի լեռան վրայ, երբ նոյն Տէր Յիսուսի մահուամբ Հին Տաճարին վարագոյրը երկուքի ցելուելով բացուեցաւ այն՝ ինչ ծածուկ պահուած էր մինչեւ այդ, ինչպէս Աւագ Ուրբաթ Առաւօտեան ժամերգութեան “Տէր յերկնից” շարականով կ’աղօթենք՝ այդ սքանչելի եւ միեւնոյն ատեն ահաւոր տեսիլը՝ երկինքի եւ երկրի արարիչը խաչ հանուած:


Հայոց մէջ լեռներու պակաս չունինք, եւ այդ լեռներուն իմաստը փնտռելու ենք անոնց կատարներուն յայտնուող արարիչ Աստուծոյ զօրութեան մէջ, որուն օգնութիւնը կ’ակնկալենք իջնէ այդ լեռներէն՝ յարութեան սայլակին վրայ, ինչպէս Գրիգոր Նարեկացին կ’երգէ իր տաղերով. եւ յարութիւն առած “խարտիշագեղ եւ լայնաթիկունք՝ կեանքի հզօր ձայնով լեցուն պատանեակին” հետ վազենք դէպի մեր յաւիտենական կեանքի յառաջադէմ նպատակը՝ Յիսուսի յարութեամբ նորոգուած մեր բնութեամբ վայելելու մեր Երկնաւոր Հօր հետ հաղորդութիւնը՝ ապրելու Իր կեանքով:


Այս հաղորդութեան հասնելու ուղին սուրբ Հայրերը կը նկարագրեն որպէս ապաշխարութեամբ բարձրացումի ճանապարհ, որ իր բնոյթն ու իսկութիւնը կը ստանայ ինքնին Տէր Յիսուսի մէջ. Վերջին Ընթրիքին՝ Ան ցոյց տուաւ աշակերտներուն այս խորհուրդին միտքը, Իր Հօր տան մէջ մեզի տեղ պատրաստելու մխիթարական խօսքերով. եւ երբ Թոմաս առաքեալ հարցուց թէ ի՞նչպէս գիտնանք ճամբան երբ չենք գիտեր մեր հասնելիք տեղը, Յիսուս պատասխանեց, “Ես եմ ճանապարհը” (Յովհաննէս 14.1-6):


Պարզ է, ուստի, թէ ի՛նչ է “ապաշխարութիւնը” զոր սուրբ Հայրերուն խօսքերը այդքան ուժգնութեամբ կը քարոզեն: Ապաշխարութիւնը իր բնիկ իմաստը չունի չարէն ետ դառնալու մտքին մէջ, այլ՝ Տէր Յիսուսի ՄԷՋ քալելն է այդ ճանապարհը, որտեղ միայն կայ ճշմարտութիւնն ու կեանքը. ինքնին Յիսուսի խօսքերն են ասոնք: Ապաշխարութեան սկիզբն ու վերջը Տէր Յիսուսի մէջ է. այդ ձգողական ուժի դաշտին մէջ պէտք է մնանք. այ՛ս է Աստուծոյ լեռներուն կատարը, Երկնաւոր Հօր պատրաստած օթեւանը:

Facebook
Twitter
LinkedIn

Post a comment