Ահաւասիկ փաստ մը աւելի աստուածային խոնարհութեան. Ան պէտք ունի որ մենք տեղ բանանք մեր բնութեան մէջ Իր ներկայութեան. “Կեցած եմ դուրսը եւ կը բախեմ դուռը. եթէ մէկը լսէ իմ ձայնս եւ բանայ դուռը պիտի մտնեմ եւ պիտի ընթրեմ անոր մօտ.” (Յայտնութիւն 3.20):
Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ խորհրդածելով մարդուն ինքնիշխանութեան մասին, կը հաստատէ որ բարերար Տէրը եւ Արարիչը յանձնեց մարդը անձնիշխանութեան, որպէս իր նախախնամական ղեկին, որպէսզի ուղղուելով այդ հզօր շնորհքի աղբիւրէն՝ մարդը կարողանար զարգանալ շատ յատուկ եւ աստուածային գիտութեան մը մէջ. գիտութիւնը՝ այսինքն՝ բարի գործերով շահելու Երկնաւոր Հօր հաճութիւնը:
Մկրտութիւն մըն էր այս առաջին արարչութիւնը, որով ծնունդ կ’առնէր մարդը իր նիւթեղէն բնութեան սահմանաւոր չափին մէջ, բայց կրելով հոգեղէն եւ անմահութիւն ստեղծող անձնիշխանութիւնը: Սակայն ի՞նչպէս կը կիրարկենք մեր այս ահաւոր կարողութիւնը. չարէն խոյս տալու համա՞ր. փնտռելու այն ինչ որ բարի՞ն է՝ մեր կամքին լաւութեան օծութեամբ. մեզի տրուած ազնուական քաջութեան նկարագիրին արժանի վաստակը շահելու՞–եւ վայելելու փոխարէն տրուած պատիւին անժամանակ երջանկութիւնը (Վարդապետութիւն Հայրապետաց Հայոց, Բ.113): Լուսաւորիչ Հայրապետին ուսուցումը մեր սրտերուն կը խօսի՞ այսօր. թէ թաքուն մնացած գանձն է, զոր ձեռք բերելու համար պէտք է նոր կեանք մը արդարեւ սկսինք:
Անձնիշխանութեան այս մեծագոյն շնորհքը դուռն է, որ պէտք է բանանք, որպէսզի Աստուծոյ Սուրբ Հոգին գայ մեր մէջ, եւ օծէ մեր ինքնութիւնը՝ դրոշմելով զայն իր կնիքին վեհութեամբ: Մկրտութեան շնորհքին զօրութեամբ մեր ստացած հաւատքին գերբնական շնորհքը կը բանայ այս դուռը որպէսզի Աստուած մտնէ մեր մարդկային բնութեան մէջ, կ’անդրադարձնէ Սբ. Գրիգոր Նարեկացին: Տիրոջ պաշտելի քարոզութենէն ընդունեցանք այս վերնական խրախոյսը՝ թէ ամէն ինչ հնարարաւոր է անոր որ կը հաւատայ–կը խորհրդածէ Նարեկացին, եւ կ’եզրակացնէ՝ առաջին եւ գլխաւոր մուտքն է այս՝ բոլոր սրբութիւններուն: Յիսուսի խօսքն է, դարձեալ նրբօրէն կը դիտէ մեծ սուրբը, “հաւատքդ քեզ փրկեց,” համադասելով հաւատք եւ Աստուծոյ ամենակարող զօրութիւնը: Այս հաւատքն է որ կեանք կը շնորհէ՝ ինքնիշխան բաւականութեամբ Աստուծոյ առընթեր ունենալով իր գոյութիւնը: (Բան 10. 2):
Հաւատքի մեր դռները բանալով, մենք այլեւս տարակուսանքներու զոհ չենք մնար, ոչ ալ խաբէական հրաւէրնրու ետեւէն կը վազենք: Բանալով այս դուռը՝ մեր բոլոր ներգործութիւնները հոգեւորական արժէքներու փոխարկելու բանալին կը դրուի մեր ձեռքերուն մէջ: Հաւատքով կը մտնենք ապաշխարութեան ճանապարհը, հաւատքով յստակօրէն կը սկսինք տեսնել մեր Երկնաւոր Հայրը, հաւատքով մեր մանանեխի հունտը կ’աճի՝ դառնալու համար աստուածային շնորհքներու մեր հովանին եւ պաշտպանութիւնը՝ չարին փորձութիւններուն դէմ:

