Կենարարին յիշատակով բորբոք (Նարեկ 12.1) կը քալենք մեր կարօտի ուղիներով՝ արձանագրուելու համար Աստուծոյ Նոր Ուխտին հռչակած մարդահամարին: Մեր ուխտագնացութեան երգը հաւատքով օծուն է եւ յոյսի պայծառութեամբ փայլուն, որովհետեւ ամէն քայլափոխ կը մօտեցնէ մեզ Բեթղեհէմի մսուրին մէջ ննջող մեր սիրոյն:
Անաղմուկ ըլլան մեր քայլերը. թող դադրին կողմնակի խօսակցութիւնները. լռութեան յարգանքով մերձենանք մսուրին, որովհետեւ այդտեղ Աստուծոյ Որդին կը հանգչի: Մեր երկրպագութիւնը սուրբ պահենք. չխառնենք մարդկեղէն ոսկի, կնդրուկ եւ զմուռս մեր պատարագին, այլ՝ տանք մենք զմեզ աստուածային Մանուկին՝ հաւատքի, յոյսի, եւ սիրոյ հոգեղէն ճշմարտութեամբ (Հմմտ. Հռոմայեցիս 12.1):
Այս Մանուկը կ’ամփոփէ մեր լինելութիւնն ու նկարագիրը: Եկեղեցիին մաքուր արգանդէն մենք եւս Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ ծագում առած ենք որպէս Աստուծոյ որդիներ (Հմմտ. Յովանէս 1.2–9), եկած ենք աշխարհ՝ վկայութիւն տալու լոյսին. լոյս, որ մեր միջոցով պիտի լուսաւորէ մահուան խաւարը, որովհետեւ այս լոյսը կեանքի լոյս է (Յովհաննէս 8.12):
Ամէն մարդու–հաւատացեալ թէ ոչ–կարօտի ճանապարհը հայելի մըն է Յիսուսի՝ բուն եւ ճշմարիտ ճանապարհը: Կը սկսինք Աստուծմէ, կու գանք աշխարհ, եւ կը դառնանք ետ դէպի Աստուած: Խնդրենք Յիսուս Մանուկէն որ իր հետ մեծնանք հոգեւոր հասակով՝ իմաստութեամբ, շնորհքներով, եւ Աստուծոյ հաճութեան մէջ (Ղուկաս 2.52), որպէսզի կեանքի փորձութեան անապատներուն մէջ չուրանանք աստուածային շնորհքները, չփորձուինք կապել բարին եւ արձակել չարը՝ անէծք բաշխելով քան օրհնութիւն (Մատթէոս 5.44, Ղուկաս 6.28, Հռոմայեցիս 12.14):
Մարմնացնենք զինք, մեր Տէրը, որպէսզի մեր միջոցով ան ապրի մեր շրջապատին մէջ եւ ցոյց տայ իր փառքը, եւ մենք ստանանք այդ շնորհքներով եւ ճշմարտութեամբ զեղուն փառքը (Յովհաննէս 1.14) իբրեւ կենդանագիր պատկերներ յարուցեալ անդրանիկ Տիրոջ (Կողոսացիս 1.15):
Այն ատեն Աստուած պիտի հաճի մեր մէջ բնակեցնել ամէն կատարելութիւն (Կողոսացիս 1.19) եւ իր Սուրբ Հոգիին լիութենէն պիտի տայ մեզի՝ եւ մեր միջոցով բոլոր մարդոց՝ շնորհք շնորհքի վրայ (Յովհաննէս 1.16): Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ իր Նոր Ուխտին կենսունակ հաղորդութիւնը պիտի դառնանք, եւ մեր միջոցով խաղաղութիւն պիտի կնքէ բոլոր արարածներուն հետ, զանոնք բերելով հաւատքի հնազանդութեան գերագոյն ազատութեան:
Շնորհաւոր Սուրբ Ծնունդ:

