Ամէն անգամ որ կ’աղօթենք “Հայր մեր”ը, մեր երկրպագութիւնը կը սկսի նորոգելով մեր Հօր հետ մեր փրկութեան նոր ուխտը, “սուրբ ըլլայ քու անունդ” կը խոստովանինք: (Մատթէոս 6.9): Առանց մեր գործերուն եւ կեանքին վկայութեան՝ այս խոստովանութիւնը կը մնայ ամուլ, չոր, ցամաք, անզօր բառ:
Ի՞նչպէս պէտք ենք կերպարանք եւ մարմին տալ մեր Երկնաւոր Հօր Անունին, որպէսզի այդ գեղեցիկ Անունը, բարի եւ ընտել այդ Անունը ծածուկ եւ անյայտ չմնայ. անհասկնալի եւ անիմաստ. մեռած մարդկային իմացութիւն մը լոկ, այլ մեր կեանքին վկայութեամբ՝ կերպով մը դարձեալ ծնի Բեթղեհէմի քարայրին մէջ, դարձեալ պատենք խանձարուրով եւ դնենք մեր սրտերուն մէջ, որովհետեւ տեղ ունինք այս կեանքի մեր իջեւանին մէջ:
Ի՞նչ պէտք ենք ընել որ չկարծրացնենք մեր հոգիները այսօր եւ ամէն օր երբ լսենք մեր Հօր ձայնը (Եբրայեցիս 3.7) երկինքէն “Դու՛ ես իմ սիրելի որդիս, քեզի հաճեցայ:” (Մարկոս 1.11): Ձեռքերնիս սաղմոսարան եւ քնար առած՝ ուրախութեան եւ հրճուանքի ի՞նչ երգ պիտի հիւսենք, երբ տեսնենք ծիրանի բեհեզով ծածկուած ոսկեղէն աթոռին վրայ մեզի եկող Աստուծոյ Անունին սայլիկը Մասիսներու լեռներէն (Գրիգոր Նարեկացի, Տաղ Յարութեան “Սայլն այն իջանէր”):
Սայլիկին չուն շատ յաճախ կանգ կ’առնէ, հակառակ որ աստուածային արարչութեան հրաշալիքները ամէն տարակոյսէ վեր միշտ վկայեն մեր փրկութեան օրհնութիւնները. եւ ահա այդ սայլիկը չի քալեր, եւ ահա այդ սայլիկը կրող աւետարանին չորս անիւները կը դադրին դառնալէ. մեր կեանքին մէջ Յիսուսի խօսքերը կը դադրին հնչելէ. օտարոտի եւ անհարազատ ձայներու կը սկսին հաւատք ընծայել:
Աստուածային բնիկ փրկութիւնը չարէն՝ կը փոխարինենք մարդկային իրաւունքի հաւակնոտութեամբ: Որոշած ենք որ չարը գոյութիւն չունի, եւ բարիին խաղաղութիւնը կը հաստատուի բախտի, հատուցման, արդարութեան եւ օրէնքի համերաշխ բանաձեւերով: Մարդկութեան պատմութենէն յայտնի է թէ ինչ արժէք ներկայացուցած են բոլոր դաշինքները եւ բարեկամութիւնները, որ այս սկզբունքներով կնքուած են. ի՛նչպէս պատերազմները միշտ վերարծարծ բռնկած են՝ ճիշտ որովհետեւ այս խախուտ սկզբունքներէն առաջնորդուած կնքուած են մարդկային խաղաղութեան դաշինքները:
Սակայն, քրիստոնեաներս, որպէս կրողներ աստուածային խօսքին սկզբնատիպ պատկերին, Նարեկացիին բառերով՝ լայնաթիկունք, խարտիշագեղ եւ հաստաբազուկ ճոճ եւ ճապուկ ճորտեր, ապաշխարութեան մեր հզօր աղօթքով Մասիս լեռներուն աջակողմը կանգ առած սայլիկը հրաւիրենք շարժելու. եւ սայլիկը պիտի շարժի, եւ անիւները դարձեալ պիտի դառնան, եւ սայլիկը պիտի իջնէ մեր հոգիին մէջ՝ բերելու այնտեղ եւ զետեղելու այդ տաճարին մէջ՝ Ամենասուրբ Երրորդութեան խոնարհագոյն եւ մէկհատիկ բուրումնաւէտ մանուշակը:
Աստուծոյ հետ մեր ուխտը հիմնուած է Իր Անունին վրայ, Իր զօրութեան վրայ, Իր բարութեան վրայ, Իր սիրոյն վրայ: Ճիշդ այդ պատճառով մեր ուխտը յաւիտենական կեանքի աղբիւր է. մեր ուխտը վերջնական արդարութեան յաղթանակն է:

