Աստուածաշունչ Մատեանը Աստուծոյ Խօսքին գրաւոր արձագանգն է. նոյն Խօսքին՝ որ իր շունչով կեանք կը շարունակէ տալ ամէն երեւելի եւ աներեւոյթ ստեղծուածներուն: Կը բաւէ ձեռք առնենք զայն, զգուշութեամբ քննենք եւ ցուցակ մը կազմենք՝ գաղափար ունենալու համար այս Խօսքին կենսունակ եւ արարչական զօրութեան մասին:
Այնքան յարգի է այս Խօսքին ամէնէն փոքր նշանագիրն անգամ՝ որ երկինք եւ երկիր կրնան անցնիլ բայց այդ Խօսքը երբեք պիտի չկորսնցնէ իր իմաստն ու Աստուծոյ կամքին բարեհաճութիւնը. Հայրը միշտ պիտի յայտնուի Իր Խօսքին վրայ՝ Իր սուրբ Հոգիով, եւ պիտի վկայութիւն տայ, որ այդ Խօսքն է իր սիրելի Որդին որուն հաճեցաւ (Մատթէոս 3.17):
Երկնաւոր Հօր Խօսքը կեանքի սկզբունքն է. մեծ եւ հզօր խորհուրդ է այս կէտը, որովհետեւ կեանքի սկզբունքը կ’աճի եւ կը պտղաբերէ, ինքնին այդ սկզբունքին աստուածային զօրութեան ճոխութեամբ. եւ անոր հարստութեան չափ ու սահման չկայ:
Այս Խօսքը կը լսենք ամէն կիրակի՝ սուրբ Պատարագին ընթացքին իրեն արժանի հանդիսութեամբ. Աստուծոյ Խօսքը իր անեղծ զօրութեամբ կ’աստուածացնէ բոլոր անոնք՝ որոնց կը հասնի (Յովհաննէս 10.35), եւ կը հաւաքէ զմեզ իր կոչով որպէս իր իսկ Մարմինը՝ Եկեղեցին, իր ժողովուրդը, իր յաւիտենական բնակութեան սուրբ տաճարը:
Կեանքի արարչութեամբ կը բուժէ մահուան խոցը եւ համեղ ճաշակը կու տայ աստուածային հանապազորդ հացին՝ որպէս ճշմարիտ եւ ընդունելի աղօթք Երկնաւոր Հօր (Մատթէոս 6.9–13): Այդ շունչը ընդունողը կը դարձնէ մասնակից իր Որդիին քաւիչ արժանիքին, եւ կը կանգնէ զայն մեղքերու թողութեան առաքեալ՝ մաքրելու եւ նուիրագործելու արարչութիւնը: Այսինքն՝ Աստուծոյ Խօսքը նոր կը ստեղծէ մարդուն մէջ մեղքին աւերով փշրուած Երկնաւոր Հօր պատկերը:
Յովհաննէս աւետարանիչ արձանագրած է Յիսուսի առաջին երեւումը աշակերտներուն՝ յարութիւն առած օրը՝ երեկոյեան: “Խաղաղութիւն ձեզի” ըսաւ անոնց եւ ցոյց տուաւ ձեռքերն ու խոցուած կողը. այս նուազագոյն բառերով գծուած պատկերին կը հետեւի աւետարանիչին հոգեւոր հաղորդութեան հետեւեալ հրաշալի անդրադարձութիւնը. “Աշակերտները, տեսնելով Տէրը՝ ուրախացան:” (20.20):
Յիսուս հաստատեց այս ուրախութիւնը ըսելով անոնց. “Խաղաղութիւ՛ն ձեզի. ինչպէս Հայրը զիս ղրկեց, ես ալ ձեզ կը ղրկեմ:” Այս խօսքերն ըսելով, փչեց անոնց վրայ եւ ըսաւ. “Առէ՛ք Սուրբ Հոգին,” (20.21–23), եւ անոնց տուաւ ինքնին Աստուծոյ իշխանութիւնը՝ կապելու եւ արձակելու, ընտրելու բարին եւ խոտանը հեռացնելու, պատրաստելու մարդիկ Աստուծոյ ընդունելի պատարագ եւ քաւութեան նուէր (Ղեւտական 1.3–4):
Աստուծոյ շունչին այս խաղաղութիւնը, զոր Հայրը մեզի շնորհեց իր Միածին Որդիին բերած փրկութեան ազատութեամբ, մեր մեծագոյն գանձն ու բարիքն է: Ամէն գնով քրիստոնեան պարտաւոր է պահպանել այս գանձը, մերժելով խոտանը, կապելով չարը եւ ազատ արձակելով մեր փրկութիւնը, որպէսզի ծաղկի եւ բարի գործերու պտուղներ տայ ուրախութեամբ:

