Աստուծոյ Խօսքը–Եւ Իմ Գործերս

Որպէս ինքնիշխան պատկերներ Աստուծոյ, մարդիկ կը գործածեն իրենց բանականութեան կարողութիւնը թափանցելու համար հարցերու մէջ, լուծելու համար իրենց առջեւ բարձրացող խնդիրները, ուղղելու, կազմակերպելու եւ կառավարելու իրենց ընկերութիւնները: Մեր ամէնօրեայ կեանքին ընթացքն է այս, եւ ոչինչ տարօրինակ կամ անտեղի կը գտնենք այս իրականութեան մէջ, բացի երբ մեր կամքին համաձայն չեն դառնար իրերը: Չար եւ անցանկալի կը գտնենք մեր կամքին հակառակ յայտնուող իրադարձութիւնները եւ կը խափանենք զանոնք:


Աստուծոյ խօսքին իմաստը ի՞նչ է ինծի համար. ոչ միայն ընդհանուր, գրեթէ վերացական միտքով՝ բարի ըլլալու, մեղք չգործելու, կամ աւետարանին մէջ հզօր կերպով ներկայացուած երանութիւնները դիտելու. այլ՝ ի՛նչ է Աստուծոյ խօսքին իմաստը ամէն օրուայ իմ իրական որոշումներս առնելուն մէջ:


“Հանգանակ” բառը թարգմանութիւնն է յունարէն “symbolon” բառին, որ կը նշանակէ  “համադրել” կամ “միասին դնել” այսինքն՝ միախորհուրդ, նոյն կերպ մտածել եւ հասկնալ իրականութեան մը վերաբերող միտքերը. ի մասնաւորի՝ հաստատուն պահել կապը ընդմէջ բառերուն եւ անոնց իմաստ տուող իրականութեան. նշանները եւ իրականութիւնները իրարու կապող “խորհուրդ”ին: 


Ասոր հակառակ իմաստն է “diabolus,” որ բաժնելն է նշանը իրականութենէն, խզելն է կապը՝ որ նշանին կու տայ իր իմաստը, օրինակ՝ բաժնելով խաչը Յիսուսի զոհէն. եւ ահա կը սկսինք տեսնել չարին կամ սատանային ինքնութեան հիմնական նկարագիրը, որ է՝ փշրել իմաստը, բաժնելը նշանը իր իրականութենէն, ցրուել, միութիւնը կոտրել:


Մատթէոս աւետարանիչ աւելորդ տեղ, կամ ստեղծաբանութեամբ չէ որ կը նշէ՝ թէ տաճարին միակտոր վարագոյրը երկուքի փեղկուեցաւ Յիսուսի մահով. (27.51) Աստուծոյ ժողովուրդը կազմող հաւատքին հաստատուն կապը խզուեցաւ, Աստուծոյ եւ իր ժողովուրդին միութիւնը պատռուեցաւ. յաւիտենական կեանքին կտակը փշրուեցաւ այդ րոպէին. Լոյսը գրուանին տակ դրուեցաւ եւ յառաջ եկաւ չարին խաւարը, մահը:


Իսկ Յիսուսի յարութեամբ՝ հաստատուեցաւ նոր դաշինքը, Աստուծոյ եւ մարդուն բարեկամութեան միութիւնը, հաւատքին արդարութիւն բերող զօրութեամբ: Վերջին Ընթրիքին՝ Յիսուսի հրաժեշտի խօսքերուն հիմնական միտքերէն մին է այս բարեկամութեան հաստատութիւնը. հրաւէրը, կոչը, միութեան:


Դուն եւ ես ի՞նչպէս իրականութիւն կը դարձնենք մեր Տիրոջ այս հրաւէրը. ի՞նչ գործերով կը հաստատենք մեր աշակերտութիւնը: Ի՞նչ գործերով մեր հաւատքին վկայութիւնը ցոյց կու տանք: Ի՞նչպէս կը միանանք Յիսուսի: Արդարեւ, քրիստոնեայ ըլլալը իմացական գիտութիւն մը չէ, զոր կ’ընկալենք եւ կը սորվինք. քրիստոնեայ ըլլալը աշակերտութիւն է. այսինքն՝ ընել է այն ինչ մեր Վարպետը ցոյց տուած է մեզի իր յաւիտենական կեանք պարգեւող Խօսքերուն արարչական զօրութեամբ:

Facebook
Twitter
LinkedIn

Post a comment