Սուրբ Գիրքին մէջ բազմաթիւ են այն անցքերը որ կը նկարագրեն Աստուծոյ խօսքը: Մեր յաջորդ շաբաթներու խոկումներով պիտի ջանանք նկարագրել Աստուծոյ Խօսքը, գտնելու համար անոր տիրական գիծերը, լսելու անոր ձայնին գեղեցկութիւնը, եւ վայելելու Աստուծոյ Խօսքին տեսիլքը:
Առակաց Գիրքին նպատակն է, կը յայտարարէ Սողոմոն Իմաստուն առաջին տողերէն իսկ, տալ խրատներ ճանչնալու համար իմաստութիւն եւ իմանալու հանճարեղ խօսքեր. գիտնալ ի՛նչպէս ընդունիլ մեր մտքերուն մէջ եւ կշռել ճշմարիտ արդարութիւնը եւ ուղիղ իրաւունքը:
Այս առակներուն հետեւելով, աշակերտը կը հասնի Աստուծոյ գիտութեան, որովհետեւ Գիրքին վեջաւորութեան կը նկարագրէ մարդուն վիճակը ամենեւին զուրկ իմաստութենէ եւ խոնարհած Աստուծոյ տեսիլքին առջեւ եւ միայն այդտեղ յստակ կերպով կը տեսնէ որ Աստուծոյ ամէն խօսքերը ընտիր են եւ սուրբ եւ թէ Ան պաշտպանն է եւ ապաւէնը բոլոր անոնց որ այդ Խօսքը կ’ընդունին: (30.5):
Աստուծոյ Խօսքը հզօր է, այո, բայց յարգալիր է եւ ազնիւ. կը սիրէ համոզել, ոչ թէ պարտադրել ինքզինք. ամէնէն բերրի եւ արգաւանդ պտուղներ կու տայ երբ հնազանդինք այդ Խօսքին, ոչ թէ երբ հպատակինք, որովհետեւ հնազանդութիւնը ազատութեան պտուղ է ոչ թէ վախի. հնազանդութիւն է երբ կը մտածենք այդ Խօսքով, երբ կ’արտայայտուինք Աստուծոյ միտքով, զոր ստացած ենք Մկրտութեան սրբարար խորհուրդին զօրութեամբ:
Սուրբ Հոգիին վարժապետութեամբ կը սորվինք խօսիլ Աստուծոյ լեզուն եւ դուրս կու գանք աշխարհի հոգիէն եւ լեզուէն: Անոր խնամքին տակ Աստուծոյ Խօսքը ցորենի հատիկին նման արմատ կը ձգէ մեր բնութեան մէջ եւ կ’աճի այդտեղ, պտուղ կու տայ. կը մղէ մեզ Աստուծոյ գործը կատարելու եւ շարունակելու Անոր սուրբ ներկայութիւնը ժամանակի եւ նիւթական աշխարհին մէջ. ձեւելու եւ կերպարանք տալու մեր Երկնաւոր Հօր պատկերին, այսինքն՝ ցոյց տալու Անոր Դէմքը, որուն պատկերով Ան ստեղծած է մեզ:
Ամէն անգամ որ փորձութեան մէջ գտնուինք՝ մարդկային բառերով խօսելու եւ մտածելու մեր կեանքին մէջ յայտնուող անապատներուն մէջ, միշտ յիշենք եւ պատասխանենք մեր Տիրոջ Յիսուսի Խօսքերը չարին թելադրանքներուն, թէ “Միայն հացով չէ որ մարդ կ’ապրի, այլ՝ Աստուծոյ ամէն Խօսքով:” (Ղուկաս 4.4):
Մեր այս փորձութեան մէջ գիտակից եւ արթուն ըլլանք որ Աստուծոյ Խօսքը պէտք ունի մեր պատասխանին. նորածին մանուկին նման կարօտ է սիրոյ եւ գուրգուրանքի, երբ նոր կը յայտնուի մեր սրտին ու հոգիին մէջ. զգոյշ ըլլանք, որ չխեղդենք այս նորածին կեանքը մարդկային աւանդութիւններով եւ արգիլենք այդ Խօսքին պտղաբերութիւնը: (Մարկոս 7.13):
Ընդհակառակը, մտնենք Աստուծոյ տունը եւ անդամակցինք Յիսուսի Ընտանիքին, անոնց՝ որ ստացան մեր հեզ եւ խոնարհ Տիրոջ երանին, թէ “Իմ մայրս եւ եղբայրներս են ասոնք, որ կը լսեն Աստուծոյ Խօսքը եւ կը կատարեն զայն:” (Ղուկաս 8.21):

