Եկեղեցիին՝ Աստուծոյ Միածին Որդիին Մարմնին անդամներն ըլլալով՝ մենք կը վայելենք Երկնաւոր Հօր Որդիութեան շնորհքը: Պօղոս Առաքեալ կը յայտարարէ կորնթացիներուն, որ Սուրբ Հոգին ընդունելով Աստուծմէ, քրիստոնեային մարմինը Անոր տաճարը կ’ըլլայ. այլեւս մենք մեր անձին տէրը չենք, որովհետեւ շատ թանկ գինով գնուած ենք (1 Կորնթացիս 6.19–20 եւ 7.23):
Արդարեւ, կորսուած ոչխարին ի խնդիր բարի եւ քաջ հովիւին պատկերով Յիսուս կը ներկայացնէ ամէնէն հարազատ օրինակը թէ ինչպէս պէտք է ըլլայ իր աշակերտը:
Մեր Վարդապետին նման պէտք է փնտռենք Աստուծոյ արարչագործ սեղանէն ինկած բարիքներուն ամէնէն փոքր փշուրն անգամ, որովհետեւ բարիքը՝ որքան ալ տժգոյն եւ հեռացած ըլլայ Աստուծմէ՝ կը կրէ աստուածային բնութեան նշոյլը, եւ այդու իսկ լիութիւն է եւ յարգի գանձ: Անհուն փափկութեամբ պէտք է հաւաքենք այդ փշուրը, եւ աչքի լոյսի նման պահպանենք զայն եւ խնամենք՝ մինչեւ վերստին ծաղկի Աստուծոյ Խօսքը այդ հողին մէջ:
Աստուծոյ յաւիտենական ընտրութիւնը՝ որով ան մեզ սիրած է նախ քան երկրաւոր կեանքին արգանդին մէջ մեր կերպարանք ստանալն իսկ (Եսայի 49.1,5 եւ Գաղատացիս 1.15), մեծ արժէք ունի, որովհետեւ նիւթական արարչութեան մէջ իր արդարութիւնը բաշխելու լուսաւոր Ուխտին միջնորդներ ձեռնադրած է մեզ Հայրը (Եսայի 42.5–6):
Այս ձեռնադրութիւնը կը բղխի անընդմէջ Աստուծոյ արարչագործ բնութենէն եւ Անոր փառքն է. փառք, զոր Ան ոչ մէկուն կը զիջի (Եսայի 42.8): Ահաւասիկ, այս փառքին ի խնդիր, մենք եւս՝ որպէս հաւատարիմ պատկերներ Երկնաւոր Հօր Միածին Որդիին, պէտք է միանանք Տէր Յիսուսի փրկագործ տնօրէնութեան եւ հաւաքենք չարին վէրքերը կրող ամէն ինքնութիւն. թոյլ տանք, որ մեր քղանցքներէն յորդի Աստուծոյ ամէնազօր քաւութեան առատ շնորհքը, գրկենք եւ մեր ուսերուն վրայ ետ տուն բերենք այդ ինքնութիւնները:
Աստուծոյ անհուն բարութեան հաւատարիմ աշակերտներ եւ վկաներ ըլլանք, որպէսզի մարդիկ տեսնեն մեր բարի գործերը եւ իրենք եւս լուցուին նոյն բարութեամբ, ջահակիրներ դառնան Նոր Ուխտին: Աստուծոյ լուսեղէն Ուխտին հանդէպ մեր հաւատքը լարն է որ մեզի կը հաղորդէ գերագոյն այդ հոսանքը, եւ չարին խաւարէն ազատող այս լոյսը կը միացնէ բոլոր մարդոց ուղիները՝ յայտնելով անոնց նպատակն ու վերջնական հանգիստը:
Ճիշտ այս միտքով է որ թէպետեւ մենք գալենք մահուան տարածած մթութեան մէջ (Սաղմոս 23.4), սակայն պիտի չգայթենք, որովհետեւ Տէրը մեզի կ’առաջնորդէ, եւ մենք չենք դրած մեր յոյսը մարդկային զօրութիւններու վրայ (Սաղմոս 20.7), այլ Յիսուսի սուրբ Անունն է մեր ինքնութիւնը եւ Աստուծոյ յիշատակը մեր կարօտը կը բորբոքէ:

