Աստուծոյ Շունչը–Եւ Իմ Կեանքս

Սուրբ Գիրքին մէջ Աստուծոյ շունչին պատկերներէն մին է մարդը: Արդարեւ, գեղեցիկ եւ բարի ստեղծագործութիւնը ամբողջացնելէ ետք, Աստուած ստեղծեց մարդը հողէն, եւ այդ կաւային զանգուածին մէջ փչեց իր Շունչը՝ կեանք պարգեւելով ատոր:

Նոր Արարչութեան ստեղծագործութեան՝ յարութիւն առած Տէր Յիսուս երեւցաւ աշակերտներուն եւ փչեց անոնց մարդկային զանգուածին մէջ իր շունչը, ըսելով “Առէք Սուրբ Հոգին” (Յովհաննէս 20.22), զանոնք հաղորդակից ընելով Ամենասուրբ Երրորդութեան Կեանքին:

Այդ արարչագործ զօրութեան աշակերտելով (Մատթէոս 28.18) ամէն քրիստոնեայ կը ստանայ միեւնոյն Սուրբ Հոգին սրբարար խորհուրդներուն միջոցով (Մատթէոս 28.19–20): Քու եւ իմ կեանքը այս հաղորդութեամբ կը խայտայ ամէն անգամ որ իրարու կու տանք խաղաղութեան մեր ողջոյնը:

Քու եւ իմ կեանքերուն միջավայրը Երկնաւոր Հօր արքայութեան նոր այգին է, ուր Սուրբ Հոգիին գրգանքին մէջ արդէն իսկ ստացած ենք ծաղկելու եւ աճելու զօրութիւնը: Տէր Յիսուսի քարոզած երանութիւնները հեռաւոր եւ փայլուն աստղեր չեն Աստուծոյ արքայութեան երկնակամարին վրայ. անոնք դուն եւ ես ենք, ամէն քրիստոնեայ աշակերտ է, Աստուծոյ Շունչին զօրութիւնը կրող բարունակներ, որ իրենց սնունդը կ’առնեն ինքնին Սուրբ Հոգիէն:

Քրիստոնէական հաւատքը վերացական հասկացողութիւն մը չէ. այս հաւատքը վեր է ամէն միտքէ եւ իմացութենէ, որովհետեւ կեանք է, կենսունակ՝ յոյսով եւ սիրով առատ. ուղիղ հաւատքը պտղաբեր է եւ արդիւնաւէտ. հաւատքը չի ծագիր մարդու խօսքերէն կամ հասկացողութենէն, այլ՝ սերմն է Քրիստոսի առաքելական քարոզութեան մանանեխի հունտին՝ Հօր արքայութեան եկած հասած ըլլալուն զօրութեամբ լեցուն:

Յիսուսի խօսքերէն յայտնի է որ Հօր արքայութիւնը կը կայանայ խաղաղութեան մէջ: Այս խաղաղութիւնը հաստատուած է մեղքերու քաւութեամբ ու թողութեամբ, այսինքն՝ ապաշխարութեան կեանքով: Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին գերազանց պարզութեամբ ապրած է այս ապաշխարութեան կեանքը, եւ մեզի տուած է այս ճանապարհին քարտէսը: Յիսուսի բերած խաղաղութիւնը Գրիգոր կը նկարագրէ իբրեւ կեանքի շունչի տուրեւառութիւն. ամէն մեր մարդկային շունչը տալուն՝ առնելու ենք Աստուծոյ բարի շունչը՝ Սուրբ Հոգին, որպէսզի մեր մէջ յղանայ Աստուծոյ կեանքը (Բան 21.3):

Կը մաղթեմ որ տպաւորես մտքիդ մէջ Նարեկացիին այս պատկերը, եւ քու մարդկեղէն եւ երկրաւոր կեանքդ պահող իւրաքանչիւր շնչառութեամբդ՝ տաս ամէն ինչ որ երկրաւորն է եւ վաղանցուկ, եւ առնես Աստուծոյ Սուրբ Հոգին՝ որպէսզի քու մէջդ միշտ աւելի պայծառ յայտնուի Երկնաւոր Հօր պատկերը, մեր բուն եւ գեղեցիկ դէմքը. այն դէմքը՝ որ ոչ միայն կը ներէ, այլ կը քաւէ ամէն անարդարութիւն եւ մեղք՝ Տէր Յիսուսի խաչի զոհին զօրութեամբ:

Խաղաղութիւն ընդ քեզ. միշտ:

Facebook
Twitter
LinkedIn

Post a comment