Ապաշխարութեան կեանքի բնութեան շնչառութեամբ՝ տալով մեր շունչը եւ առնելով Աստուծոյ Սուրբ Հոգին, կը մերձենանք Աստուծոյ Որդիին, կը միանանք Անոր Ես-ին, մաս կը կազմենք Անոր Մարմնին՝ Եկեղեցիին:
Յիսուս բարունակին օրինակով կը բացատրէ այս վերնական իրականութիւնը: Կ’ըսէ, ես եմ որթը եւ դուք՝ ուռերը. առանց ինծի՝ ոչինչ կարող էք ընել. հաստատուած մնացէք իմ մէջս, որպէսզի վայելէք Երկնաւոր Հօր խնամքը եւ առատ պտուղ տաք. (Յովհաննէս 15.1–5):
Առաջին ակնարկով, Յիսուսի այս խօսքերը աւելորդ կրկնութիւն կը թուին անոնց համար, որոնց հասկացողութիւնը փակ կը մնայ մարդկային գիտութեան սահմաններուն մէջ. ի՞նչ պատգամ կ’ուզէ հաղորդել Յիսուս այս խօսքերով, որ կը հաստատեն այն ինչ ամէն մարդ արդէն գիտէ. պտղաբեր ճիւղը կարող է պտուղ տալ երբ միացած է մայր տունկին: Սակայն, հաւատքի հնազանդութեամբ մտնել Աստուծոյ միութեան մէջ: Տա՛լ մարդկային շունչդ, եւ առնել Աստուծոյ Հոգին, եւ պատուաստուիլ Յիսուսի որթատունկին:
Յիսուսի խօսքերը գիտութիւն չեն, որ կարելի ըլլայ զանոնք հասկնալ՝ փորձելով ըմբռնել եւ իմանալ անոնց իմաստը: Յիսուսի խօսքերը կեանք են եւ Աստուծոյ Շունչը: Միայն այդ Շունչը առնելով է որ մէկը պիտի կարենայ իմանալ եւ ըմբռնել այդ խօսքերուն բուն եւ կենդանի իմաստը: Երբ սկսինք շնչել Աստուծոյ կեանքը՝ միայն այն ատեն կը ճաշակենք Անոր քաղցրութիւնը. ուրիշ կերպով ըսուած՝ Աստուծոյ մասին մտածելով կամ աստուածաբանօրէն չափելով Անոր խորութիւնն ու յաւիտենականութիւնը չէ կարելի միանալ Անոր կեանքին. պէտք է Աստուծոյ Որդին շնչենք, տալով մեր մարդկային շունչը եւ առնելով մեր Տիրոջ Սուրբ Հոգին: Այ՛ն ատեն միայն աստուածային շնորհքը պիտի փոխարինէ մեր մարդկային արիւնը Իր Կեանքին աւիշով, եւ մեր իւրաքանչիւր գործն ու խօսքը պիտի յայտնեն Երկնաւոր Հօր գեղեցիկ եւ լուսաւոր պատկերը:
Այս փոխարկութիւնը սրբարար խորհուրդ է եւ գերբնական իրականութիւն. բանաստեղծական խօսքեր կամ զգացական վիպասանութիւն չէ. մեր աչքերուն առջեւ կան սուրբերը. անոնց օրինակը իրական փորձաքար է մեզի համար. կրնանք կարդալ անոնց վարքերը եւ բարի օրինակ առնել. սորվիլ անոնցմէ՝ թէ ի՛նչպէս անոնք շնչեցին Աստուծոյ Հոգին, որպէսզի մենք եւս որոշենք մեր շնչառութիւնը ձեւել Աստուծոյ Հոգիին վրայ՝ մեր կարողութեան եւ կոչումին համաձայն:
Սուրբերուն օրինակին հետեւիլ չի նշանակեր անոնց ըրածները վերարտադրել. այլ կը նշանակէ անոնց պէս հանդիպիլ Աստուծոյ Որդիին, որ եկաւ մեզ փնտռելու. որ կը բախէ մեր բնութեան դուռը՝ հաղորդուելու համար մեր հետ, ճաշակելու համար մեր բնութիւնը՝ որպէսզի մենք եւս ճաշակենք իր բնութիւնը, եւ դառնանք կենդանի Աստուծոյ կենդանի բնակարաններ եւ սրբութեան վառարաններ չարին ցուրտ խաւարին դէմ:

