Աստուծոյ Օծեալին Նկարագիրը

Աստուծոյ օծեալը ունի իր յատուկ նկարագիրը, որուն տիրական գիծերէն մին է քարոզներ ըլլալ երկնաւոր Հօր նոր կեանքի արքայութեան, եւ ոչ թէ երկրաւոր վաղանցուկ տէրութիւններու մահական փառքի օրերու: Փառքի օրեր, որ, աւա՜ղ, ակնթարթի տեւողութեամբ կ’անցնին, մեզ ծարաւ թողլով նաւասարդեան առաւօտներուն, ինչպէս Արտաշէս Քաջ երգած է իր մահուան անկողնին վրայ:


Մեր կարօտը արմատացած պէտք է ըլլայ ուրիշ երկրի մը հողին մէջ. երկիր մը որ այս աշխարհէն չէ: Մենք քարոզներ ենք որ պէտք է շրջին յաւիտենական կեանքին աւետիսը հռչակելով: Մեր նկարագիրը կը կայանայ այդ յաւիտենական կեանքին սերմերը ցանելուն մէջ. կեանքով լեցուն սերմեր, յոյսով զեղուն:


Մեր նկարագիրը այն երկիրն ըլլալ է, ուր Աստուծոյ խօսքը կ’իյնայ եւ առատ պտուղ կու տայ: Մեր նկարագիրը փուշ ու տատասկէ մաքուր երկիր ըլլալն է, քարերէն մաքրուած հող ըլլալն է: Այն հողը՝ որուն դարձանք չարին խորհուրդին հետեւելնուս հետեւանքով մեր ստացած փրկարար պատիժին քաւութեամբ: Այն հողը՝ որուն միացաւ Երկնաւոր Հօր Միածին Որդին, Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ:


Մեր օծեալ հողին կոչումը Աստուծոյ հետ կեանք տալն է: Յիսուսի յարութեան խորհուրդին մէջ՝ այլեւս մահը մեր վրայ իշխանութիւն չունի. մենք կեանքի սպասաւորներ ենք, այն իսկական յաւիտենական եւ երկնաւոր կեանքին՝ որուն ցոլացումն է նիւթական այս մեր կեանքը:


Մեր կենարար նկարագիրը իր կարողութիւնը կը ստանայ մեր հողին մէջ սերմանուած Աստուծոյ Խօսքին կեանքով. այս սերմը գիշեր ցերեկ կը բուսնի եւ կ’աճի. ինքնիրմէ պտուղ կը բերէ, նախ ծիլը, յետոյ հասկը եւ վերջապէս ցորենը ատոք հասկին մէջ: (Մարկոս 4.26–28):

Մեր նկարագիրը հաւատարիմ պարտիզպաններ ըլլալն է, որպէսզի երբ մեր ընկերը փնտռելու ելլէ յարուցեալ Տէրը՝ կանչենք զիրենք իրենց անունով, եւ անոնց աչքերը բացուին պայծառակերպ Տէրը գտնելով մեր մէջ:


Այս աստուածային կեանքին ուժով՝ մեր իւրաքանչիւր բարեւը ուրախութեամբ կը լեցնէ մեր ընկերը, ինչպէս Աստուածամօր ողջոյնը՝ Եղիսաբեթին, որովհետեւ մենք եւս կը կրենք մեր հողը դարձած մեր փրկիչ Խօսք-հունտը մեր մէջ. այն Խօսքը, որով մեր Հայրը ըսաւ “Լոյս թող ըլլայ” եւ եղաւ. ստեղծեց երկինքն ու երկիրը, երեւցող եւ աներեւոյթ ամէն ինչ:


Մեր մէջ բուսնող ցորենին հաւատարիմ զօրութեամբ՝ ո՛ եւ է մէկը որ մօտենայ մեր քղանցքին պիտի կարենայ քաղել քաւութեան եւ մեղքերէն բժշկութեան բարի արձակումը, ոչ թէ չարը կապելու համար տրուած անէծքի եւ կապանքներու կալանքը:


Մեր նկարագիրն է ըլլալ Աստուծոյ արքայութեան քարոզիչներ, հնչեցնելով Երկնաւոր Հօր ձայնին վեհափառ զօրութիւնը, եւ այդ կեանք պարգեւող Խօսքին շնորհքի պաշտպանութիւնը ծագենք ամէնուն վրայ անխտիր: (Մատթէոս 5.45):

Facebook
Twitter
LinkedIn

Post a comment