Գիտնալ Չի Նշանակեր Ունենալ

Վերջին Ընթրիքին՝ Յիսուս աշակերտներուն ոտքերը լուալէն յետոյ՝ տուած երանիներու շղթային վրայ կ’աւելցնէ եւս այս մէկը. կ’ըսէ, “Եթէ այս հասկցաք, երանելի եւս պիտի ըլլաք՝ երբ կատարէք զայդ:” (Յովհաննէս 13.17): Եւ խօսքը առաջ տանելով կ’եզրափակէ, դարձեալ կրկնելով այն յայտնութիւնը զոր աղաղակելով կը յայտարարէր տաճարին մէջ՝ նախորդ օրերուն, թէ՝ “Ես, լոյս, աշխարհ եկայ, որպէսզի բոլոր անոնք որ հաւատան ինծի՝ խաւարի մէջ չմնան,” (Յովհաննէս 12.46), որովհետեւ կը խօսէր այն՝ ինչ որ Հայրը իրեն ըսած էր (12.50), եւ ով որ կ’ընդունէր զինք, կ’ընդունէր Հայրը՝ որ զինք ղրկած էր (13.20):

 

Հաւատքի սահմանումներէն մին է այս՝ ընդունիլ Աստուած եւ Իր Խօսքը: Ընդունիլ կ’ենթադրէ ոչ միայն հասկնալ իմացական կարողութեամբ, այլ բանալ մեր բնութիւնը ամբողջ, որպէսզի այս Խօսքը գայ եւ արմատ ձգէ այդտեղ, աճի, զարգանայ, եւ բազմապատիկ պտուղ տայ:


Գիտնալ որ Աստուած կայ չի նշանակեր հասնիլ Անոր: Ոչ ալ զայն պաշտելով—պաշտամունք տալով Անոր—կարելի է հասնիլ Անոր: Կայէն ալ զոհեր մատոյց, բայց Աստուած չընդունեցաւ այդ պաշտամունքը: (Ծննդոց 4.3–5): Ուստի կարեւոր է ճիշդ ըմբռնել, որ մեր պատարագին եւ նուէրին արժէքը կը կայանայ Աստուծոյ զայն ընդունելուն մէջ: Ի՞նչ պէտք է ընենք, ուստի, որպէսզի Աստուած հաճի մեր նուէրին, եւ ընդունի զայն: Ի՞նչպէս մօտենանք Աստուծոյ՝ մատուցանելու համար մեր նուէրը:


Խոնարհութեամբ երբ մօտենանք Աստուծոյ եւ խնդրենք որ մեզ արժանի ընէ իր հաճութեան, այդ ատեն կը “բռնենք” Անոր սիրտը: Եւ Ան կու տայ մեզի՝ սրբարար խորհուրդներուն միջոցով՝ ոչ միայն իր բարութիւնները, այլ մեզի կու տայ իր իսկ բնութիւնը: Կու տայ անսպառ կերպով: Կու տայ իր Միածին Որդին: Կու տայ իր իսկ Սուրբ Հոգին:


Այդ ատեն է որ մենք կը դառնանք տաճարներ Աստուծոյ բնակութեան. եւ ճոխացած աստուածային կեանքին զօրութեամբ՝ մեր կեանքը կ’ընդլայնի, ըլլալու համար Երկնաւոր Հօր “չափով” ողորմած, սրբութեան աղբիւրներ՝ բոլոր անոնց որ մեզի կը մօտենան: Այդ ատեն է որ մենք ստուգապէս երանելի կը դառնանք, որովհետեւ կը կրենք մեր բնութեան մէջ զԱստուած. կ’ունենանք մեր Արարիչն ու Փրկիչը. Երկնաւոր Հօր նման կատարեալ կ’ըլլանք (Մատթէոս 5.48):


Այդ ատեն է միայն որ մեր արդարութիւնը կը գերազանցէ Օրէնքին սահմանափակ պատուիրանները, եւ կը մտնէ Աստուծոյ ողորմութեան բերած ազատութեան մէջ: Այդ ատեն կը դառնանք երկրի աղը՝ անոր տալով Աստուծոյ համը. այդ ատեն կը դառնանք աշխարհի լոյսը՝ Յիսուսի նման՝ եւ ով որ հաւատայ մեզի խաւարի մէջ չի մնար. այդ ատեն մեր խօսքը կ’ըլլայ Հօր Խօսքը, եւ կը խօսինք միայն այն ինչ մեր առաքիչը պատուիրած է մեզի քարոզել:

Այդ ատեն միայն, որպէս Աստուծոյ Հոգիով մարդիկ՝ Քրիստոսի մտքով (1 Կորնթացիս 2.10-16) պիտի շինենք Քրիստոսի հիմնաքարին վրայ Աստուծոյ քաղաքը՝ ոսկի, արծաթ եւ ականակուռ, ոչ թէ փայտ, կամ յարդ կամ չոր եւ անպտուղ տերեւ: (1 Կորնթացիս 3.12, Մարկոս 11.12-14):

Facebook
Twitter
LinkedIn

Post a comment