Գնա՛ Տունդ եւ Պատմէ՛

Համաբարբառ Աւետարանները–Մատթէոս (8.28–34), Մարկոս (5.1–20), եւ Ղուկաս (8.26–39)–կը պատմեն դիւահարի մը բժշկութեան դէպքը՝ երբ Յիսուս մէկէ աւելի դեւեր հանեց հարեալի մը մէջէն, որ կը բնակէր Գերասա կամ Գատարա աւաններուն մօտակայ գերեզմաններուն տարածքը:


Բուժուելէն ետք՝ հարեալը կը պաղատի որ Յիսուս թոյլ տար հետը շրջելու. Տէրը սակայն կը պատուիրէ անոր իր տունը երթալ եւ պատմել ընտանիքին թէ ինչպէս Աստուած ողորմեցաւ անոր եւ բժշկեց զայն:


Յիսուսի այս հրահանգը մեծապէս կը տարբերի ուրիշ բժշկութիւններէ յետոյ տուած հրահանգներէն. օրինակ բորոտին՝ “Զգոյշ եղիր, մէկու մը չըսես” (Մատթէոս 8.4) կամ կոյրերուն՝ “Զգոյշ եղէք, մէկը չգիտնայ” (Մատթէոս 9.31), նոյնիսկ պայծառակերպութեան մասին իր աշակերտներուն՝ “Սաստեց անոնց որպէսզի չյայտնեն ոեւէ մէկուն” (Մատթէոս 17.9):


Բնականաբար հարց կու տանք թէ ինչու՛ եւ ե՛րբ Տէրը ի’նչ հրահանգներ կու տայ, ոչ միայն Աւետարաններուն մէջ, այլ ա՛յսօր մեզի, երբ Աստուծոյ շնորհքները կ’ընդունինք եւ կը վայելենք Անոր բարութիւնները:


Պէ՞տք ենք երթալ եւ պատմել, թէ՞ զգուշանալու ենք որ մէկը չգիտնայ: Ի՞նչպէս յայտնելու ենք մեր երախտագիտութիւնը Աստուծմէ ընդունած մեր պարգեւներուն համար: Ո՞ր օրինակին հետեւելու ենք. գատարացիի՞ն թէ՝ բորոտին, կամ կոյրին, կամ խուլ ու համրին (Մարկոս 7.36):

Կայ պարագայ մը եւս, որ Ղուկասի յիշողութեան մէջ տպաւորուած է (17.11–19), երբ Յիսուս Երուսաղէմ կ’երթար անցնելով Սամարիոյ եւ Գալիլիայի մէջով. գիւղերէն մէկը մտնելով՝ տաս բորոտներ կը մօտենան եւ մի քիչ հեռու կենալով կ’ըսեն. “Յիսուս վարդապետ, ողորմէ՛ մեզի:” 


Յիսուս տեսնելով զանոնք կը հրահանգէ որ երթան եւ քահանային ցոյց տան իրենք զիրենք եւ ան հաստատէ բժշկութիւնը: Բորոտները ճամբայ կ’ելլեն քահանյին երթալու եւ կ’անդրադառնան որ բժշկուած էին: Անոնցմէ մէկը կը դառնայ եւ ետ կու գայ Յիսուսի՝ մեծաձայն փառաւորելով զԱստուած եւ Յիսուսի ոտքերուն իյնալով կը գոհանայ ստացած շնորհքին համար: Ղուկաս կ’արձանագրէ որ Յիսուս հարց տուաւ, “Միթէ տասը չէի՞ն ասոնք, որ սրբուեցան. ու՞ր մնացին միւս իննը՝ դառնալու եւ փառք տալու Աստուծոյ՝ բացի այս այլազգիէն:”


Միակ պարագան երբ ետ դառնալով աղի արձան չի կտրուիր մարդ՝ է ետ գալը դէպի Յիսուս, մեծաձայն փառք տալու Աստուծոյ եւ գոհանալու ընդունած անթիւ բարիքներուն եւ շնորհքներուն համար: Այս պիտի ըլլայ մեր ստոյգ պատմելը թէ ինչպէս Աստուած ամէն րոպէ կը հրաշագործէ, երբ հետեւինք Անոր տուած հրահանգներուն:


Մեր ամէնէն գեղեցիկ քարոզութիւնը պիտի ըլլայ երբ զարմացնենք Յիսուս, հարիւրապետին նման (Մատթէոս 8.10), կամ Գրիգոր Նարեկացիին նման խօսինք Յիսուսի, անոր ոտքերուն ինկած՝ ըսենք որ “երկմտութեան նշան կասկածանքներու խտրոցով չէ որ կը ներկայացնեմ իմ աղօթքս, այլ՝ կ’ուզես որպէս բարեգութ եւ կրնաս որպէս արարիչ. ըսէ՛ խօսքդ եւ պիտի բժշկուիմ:” (Բան 17.2):


Եւ պիտի երթանք տուն՝ պատմելու եւ քարոզելու Երկնաւոր Հօր բարեգորով շնորհքներու զեղմունքները. առանց հպարտութեան պիտի հռչակենք մեր Աստուծոյն մեծ փրկութիւնը. Անոր հզօր պաշտպանութիւնը պիտի տարածենք մեր բարի կենցաղավարութեամբ բոլոր անոնց վրայ որ բախտը պիտի ունենան մեզի մերձենալու:


Պիտի զարմացնենք Յիսուս:

Facebook
Twitter
LinkedIn

Post a comment