Յիսուսի նախասիրած վայրերէն մին է Գալիլիոյ ծովեզերքը, ուր ան ստէպ կը քարոզէ եւ կ’ուսուցանէ ժողովուրդը Աստուծոյ արքայութեան ճանապարհին մասին, բացի իր սովորութեան համաձայն՝ ինչպէս Ղուկաս (4.16) կ’անդրադարձնէ՝ ամէն շաբաթ օր ժողովարաններուն մէջ սորվեցնելէն:
Աշակերտները կոչած ատեն Յիսուս կը կիրարկէ ձկնորսին որսալու առանձնայատկութիւնը, բնութագրելով առաքեալներուն հիմնական գործունէութիւնը. անոնք պէտք էին Աստուծոյ արքայութեան գալուստը հռչակել, եւ քաղաքացիներ “որսալ”, հին շրջապատէն դուրս կոչելով մարդիկ (Ղուկաս 5.10) բնակեցնելու համար զանոնք այդ նոր արարչութեան մէջ:
Ապահով եւ մեզի ծանօթ շրջապատի մէջ ապրիլը, մեր տուները ունենալը, ապահովութեան երաշխաւորութիւն կը համարինք, եւ ամէն ջանք կը թափենք “տուն-տեղ” ըլլալու: Բայց Յիսուսի հետեւելու համար պէտք է իմանանք որ աղուէսները որջ ունին, եւ երկինքի թռչունները՝ բոյն, բայց մենք մեր գլուխը դնելու տեղ անգամ պիտի չունենանք (Ղուկաս 9.58):
Յիսուս կ’որսայ մեզ, եւ մեր բոյնէն դուրս կը հանէ, բնակեցնելու համար մեզ իր արքայութեան մէջ: Գրիգոր Նարեկացիին խօսքերով՝ յաւիտենական կեանքի յոյսին առասանով կը քաշէ մեզ մահուան գերեզմանէն դէպի Երկնաւոր Հօր Սուրբ Հոգիին անպարագրելի կեանքի անքոյթ խաղաղութիւնը (Բան 25.2):
Արդարեւ, քրիստոնեային յոյսը առասան է. բարակ թել է մահէն դէպի կեանք ձգիչ զօրութեամբ, որ պէտք ունի հաւատքի ուժին եւ սիրոյ ջերմութեան՝ որպէսզի կարենայ մեր մէջ խմոր դառնալ երկնաւոր արքայութեան համեղ հացին:
Յոյսին բարակ առասանին կարթը պարզապէս խայծ մը չէ որ կը կրէ՝ մեր հետաքրքրութիւնը արթնցնելու համար. այդ առասանը կապ է որուն մէջէն Աստուծոյ Խօսքը կը սրսկուի մեր բնութեան մէջ, նոր եւ յաւիտենական կեանքին դեղը կը բերէ՝ որ միայն կարող է յագեցնել Աստուծոյ պատկերով մեր մէջ տպաւորուած յաւիտենական կեանքին համեղ ախորժակը:
Ահաւասիկ, մեր հոգիին մէջ կը բացուի միտքերու եւ պատկերաւոր բացատրութիւններու դաշտ մը, որ կ’օգնէ մեզի դիտելու մեր երկրաւոր վիճակը ոչ թէ որպէս սահմանափակ եւ անցողական կեանք մը, որուն պիտի յաջորդէ նոր կեանք մը. այլ՝ յաւիտենական կեանքին սաղմնային սկզբնաւորութիւնը, որ Եկեղեցիին սրբարար խորհուրդներուն սնունդով կ’աճի՝ ծնելու համար մեր բուն եւ անմահական կոչումին լրութեան մէջ:
Ահաւասիկ, կրնանք տեսնել թէ որքան կարեւոր է գուրգուրանքով պահել այս հրաշալի գանձը զոր Երկնաւոր մեր Հայրը հաւատացած է մեզի: Տուած է մեզի: Ի սպառ սիրեց իր ձեռագործ արարչութիւնը, եւ իր Միածին Որդին՝ իր իսկակից բնութեան Հունչը, Խօսքը, որ իմաստ կու տայ ամէն բանի, կը ներբերէ մեր բնութեան մէջ յոյսին առասանով, եւ կը սպասէ մեր գործակցութեան՝ ընդունելու եւ խնամելու զայն: Կ’առաքէ իր Հոգին փարատելով ամէն մէգ եւ խաւար, եւ մեզ կ’ընտրէ որպէս արարչակից զօրութիւններ՝ կատարելութեան հասցնելու համար իր ստեղծագործութիւնը:
“Ահա՛ ձեր թագաւորը՝ ձեզի՛:” Յոյսին առասանով մեր ստացած հաւատքը մեզի կու տայ կարողութիւնը տեսնելու մեր թագաւորը, զոր Պիղատոս ներկայացուց քարայատակին մէջ փուշէ թագով պսակուած, գանահար եւ արհամարհուած, “Խաչ հանէ՛” աղաղակող ամբոխին: (Յովհաննէս 19.13–15):

