Դուն Աստուծոյ Օծեալն Ես

Հոգեգալուստէն ետք՝ Պետրոս եւ Յովհաննէս օր մը Տաճար գացած էին կէսօրէն ետք ժամը երեքին: Գեղեցիկ կոչուած մուտքի դրան առջեւ ի ծնէ կաղ մը կը բերէին ամէն օր, որպէսզի կարենար ողորմութիւններով իր ապրուստը հոգալ: Պետրոս աչքերը անոր վրայ սեւեռեց եւ ըսաւ անոր. “Մեզի նայէ՛”: Ի ծնէ կաղը ակնարկը դարձուց դէպի առաքեալները, ակնկալելով բան մը ընդունիլ անոնցմէ: Բայց Պետրոս ըսաւ. “Դրամ եւ ոսկի չունիմ, բայց կու տամ քեզի ինչ որ ունիմ. Նազովրեցի Յիսուս Քրիստոսի անունով, ոտքի ելի՛ր եւ քալէ՛.” եւ անոր ձեռքէն բռնելով ոտքի հանեց զայն, եւ ան սկսաւ քալել, վազվզել, եւ օրհնել զԱստուած: (Գործք 3. 1–8):


Տաճար եկած բազմութիւնը հաւաքուեցաւ անոնց շուրջ, եւ Պետրոս առիթն առնելով քարոզեց ժողովուրդին Բարի Լուրը: Դուք, ըսաւ անոնց, որդիներն էք մարգարէներուն եւ Ուխտին, զոր Աստուած կնքեց մեր հայրերուն հետ, եւ կը կրէք յարուցեալ Քրիստոսի օրհնութիւնը:

Պետրոսի խօսքերը չեն կորսնցուցած իրենց բերած աստուածային օրհնութեան զօրութիւնը մինչեւ այսօր, եւ մեզի ալ կը բերեն միեւնոյն Բարի Լուրը, թէ մենք յարուցեալ Յիսուսի օրհնութիւնը կը կրենք եւ մասնակից ենք անոր Օծեալ Անունին. քրիստոնեայ ենք. օծեալ ենք. եւ այս անունով կ’ընդունինք մեր փրկութիւնը:


Այս անունին զօրութեամբ մենք կարողութիւնը ունինք ընտրելու ուղիղը եւ բարին: Եւ ճիշտ այս կէտն է որ կը զարմացնէ Յիսուս. իր քարոզութեամբ Յիսուս հռչակեց որ Աստուծոյ արքայութիւնը եկած հասած էր. բնականաբար ժողովուրդը եւ իր աշակերտներն իսկ հարց կու տային Յիսուսի թէ ե՞րբ պիտի տեսնենք այս օրհնեալ արքայութիւնը, եթէ իսկապէս եկած հասած է: Ու՞ր է Աստուծոյ արքայութիւնը. մարդիկ կը շարունակեն գնել եւ ծախել, ամուսնանալ եւ մեռնիլ, ուտել եւ խմել, կողոպտել եւ սպաննել ինչպէս Նոյի օրերուն (Մատթէոս 24.37–39):


Յիսուսի պատասխանը ամէն անգամ տարբեր ծալք մը կը յայտնէր այս մեսիական օրերուն մասին. “Եկած եմ հուր-կրակ ձգելու երկրի վրայ, եւ ո՛րքան կը փափաքիմ՝ որ արդէն իսկ բորբոքած ըլլար ան:” (Ղուկաս 12.49): Միշտ կը կրկնէր ժողովուրդին թէ լաւ գիտէք երկինքի եւ երկրի երեւոյթները քննել. երբ կը տեսնէք որ արեւմուտքէն ամպ կ’ելլէ, իսկոյն կ’ըսէք թէ անձրեւ պիտի գայ, եւ ա՛յնպէս ալ կ’ըլլայ, բայց ի՛նչպէս չէք գիտեր փրկութեան ժամանակը քննել: (Ղուկաս 12.54–56):


Զարմացած՝ կը հարցնէ մեզի “Ինչու՞ դուք ձեզմէ չէք ընտրեր ուղիղը” (Ղուկաս 12.57), որովհետեւ արդէն ունիք Աստուծոյ բաւարար շնորհքը (2 Կորնթացիս 12.9) ինչու՞դուք ձեզմէ չէք ընտրեր բարին: Կը զարմանայ որ մենք այնքան արագ կը թողունք իր աւետիսը եւ կ’անցնինք ուրիշ աւետարաններու (Գաղատացիս 1.6) արհամարհելով Աստուծոյ շնորհքը (Գաղատացիս 2.21):


Ինչու՞ մենք մեզմէ չենք ընտրեր բարին եւ ուղիղը:

Facebook
Twitter
LinkedIn

Post a comment