Եկու՛ր, Աստուծոյ Լոյսին Մէջ Ապրինք

Մերօրեայ մտաւորական զարգացումին հետեւանքով մեր շրջապատին մէջ շատ մարդիկ չկան որ հաւատան կուռքերու, ըլլան ասոնք քարէ, կամ յարգի մետաղներէ կազմուած. այս առարկաները կը գործածենք, այո, որպէս զարդ, կամ որպէս նշաններ մեր հարստութիւնը կամ իշխանութիւնը ցուցադրելու եւ մեր չորս կողմը սփռելու, բայց չենք հաւատար որ անոնք ըլլան մեր իշխանութեան եւ հարստութեան աղբիւրները, ոչ ալ կ’ապաւինինք անոնց պաշտպանութեան կամ՝ կ’աղօթենք որ անոնց հաճութիւնը իջնէ մեր վրայ: 


Բայց, բայց… մեր իմացական լուսաւորութեան ճառագայթները այնքան հզօր չեն որ իրենց շողարձակութիւնը հասնի մեր հպարտութեան խորքերը եւ այնտեղ բերէ աստուածային շնորհքին լուսաւորութեան զարգացումը, որովհետեւ մարդկային մտքին սահմանները որքան ալ զարմանալի ըլլան՝ չեն կարող առանց հաւատքի լոյսին օժանդակութեան բարձրանալ Աստուծոյ լեռը (Եսայի 2.2), ուր հաստատուած է Իր տունը եւ իրեն կը հրաւիրէ բոլոր մեր կարողութիւնները եւ իղձերուն մաղթանքները:


Այդ տունէն կը ծագի Աստուծոյ նոր օրէնքին լոյսը: Նոր օրէնքի լոյս՝ որ շատ տարբեր է մարդկային հին օրէնքի հասկացողութենէն. արդարեւ այս մէկը՝ օրէնքին մարդկային հին հասկացողութիւնը՝ կարող է միայն պատուիրաններ դնել մեր անձերուն վրայ, որպէս թէ ըլլային մեր իրաւունքներուն հիմերը, բայց չունի կարողութիւն պաշտպանելու մեզ, եթէ ուրիշը որոշէ չճանչնալ այդ իրաւունքները–այսինքն վերածէ մեզ գերիներու: Հին օրէնքին տիկը մեզի չի տար կարողութիւնը պահելու Նորին զօրութիւնը, այսինքն գործադրելու Նորը իր կատարեալ լրութեամբ:


Իսկապէս իրական վտանգ մըն է այս՝ ոչ միայն ուրիշին կողմէ, այլ մանաւանդ մենք–մեր կողմէ, եւ շատ աւելի ահաւոր գերութեան վիճակ մը կը հաստատէ մենք–մեզի դէմ՝ մեր հոգիներուն մէջ: Կը հաստատէ մեզ հպարտութեան մէջ: Կը հրահրէ մեր սրտերուն խորքը նախանձի կործանարար հնոց մը: Կը հաստատէ մեր ինքնիշխան կարողութիւնը կուռքի բլուրներու բարձունքներուն վրայ (Եսայի 2.2բ) եւ այնտեղ կը հրաւիրէ մեզ մատուցանելու երկրպագութիւն եւ ուխտելու հաւատարմութեան դաշինք ընդդէմ Աստուծոյ:


Մենք մեզ կը համարինք շատ աւելին՝ քան բնութիւն մը որուն ռունգերուն շունչն իսկ չունինք կարողութիւնը տալու մենք մեզի: Կը տեսնենք միայն մենք զմեզ, մեր կեդրոնացումին կիզակէտը կը դարձնենք զմեզ եւ կը կանգնինք որպէս կուռք ուրիշ կուռքերու կողքին: Եւ չենք տեսներ այս անօրէնութեան անհեթեթութիւնը: Մարդկային բանականութեան “լոյսը” անջատուած զինք սնուցող աստուածային շնորհքի ակունքէն՝ կը յայտնուի խաւարի սահմաններուն չորս բոլորը յածող իր բնութեամբ:


Աստուծոյ Նոր Օրէնքը պարտաւորութիւններու կոյտ մը չէ: Աստուծոյ Նոր Օրէնքը ՇՆՈՐՀՔ է. այսինքն՝ Աստուած ինքզինք կը հաղորդէ մեր բանականութեան՝ բնագիրը մեր բնութեան կարողութիւններուն: Հրաւէրն է ապաշխարութեան: Կը նորոգէ մեր բնիկ գոյութիւնը՝ իրականցնելու Աստուծոյ պատկերը եւ սիրելու մեր ընկերը այնպէս ինչպէս մէկը որ վարժ է սիրելու Աստուած: Աստուծոյ Նոր Օրէնքը կը ցանէ զմեզ որպէս բարի սերմեր Հօր արքայութեան ագարակին մէջ, որպէսզի ծլինք եւ յաղթենք խաւարին՝ մեր Հօր սիրոյ լոյսին զօրութեամբ. մեր արմատները հաստատուն կերպով մխրճած աստուածային բնութեան մէջ՝ այնպէս որ ոչ մահ, ոչ կեանք, ոչ հրեշտակներ, ոչ իշխանութիւններ, ոչ ինչ որ կայ կամ որ պիտի ըլլայ, ոչ զօրութիւն, ոչ բարձրութիւն, ոչ խորութիւն, եւ ոչ մէկ այլ արարած մեզ պիտի կարենայ բաժնել Աստուծոյ սէրէն՝ որ Յիսուս Քրիստոսի մեր Տիրոջ մէջ մեզի տրուեցաւ: (Հռոմէացիս 8.38-39): Եւ միայն այն ատեն Հայրը պիտի քաղէ զմեզ հունձքին հասուն ատենին եւ ամբարէ իր հարուստ շտեմարաններուն մէջ: (Մատթէոս 13.30):

Facebook
Twitter
LinkedIn

Post a comment