Երկնաւոր Քաղաքացիին Մշակոյթը

Խաղաղութիւնը երկնաւոր քաղաքացիին նոր մշակոյթն է: Մեր նոր մշակոյթին յատուկ նշաններն են արդարութեան լոյսը, յաւիտենական կեանքին յարութիւնը, Աստուծոյ ծանօթութեան երջանկութիւնը:


Արդարութեան լոյսը երկնաւոր քաղաքացիին իմաստութեան աղբիւրն է. մեր իմաստութիւնը չի բղխիր մարդկային մտքին իմացական կարողութենէն. մեր մարդկային մտքին իմացական կարողութիւնը ընդունարանն է այս իմաստութեան, որով մեր կարողութիւնը կ’ընդլայնի այդ իմաստութեան աստուածային արդարութեամբ ճոխացած անսահման կատարելութեամբ: 


Արդարութեան լոյսը կը փոխակերպէ մեր ամբողջ բնութիւնը. այս լոյսին շնորհիւ մեր մարմինը չի կրնար խաւարին մէջ խարխափել, որովհետեւ այս լոյսին աղբիւրը ինքնին Աստուած է, եւ մեր աստուածակիրթ նոր մշակոյթով՝ արդարութեան լոյսով կը լեցնէ իր ամբողջ ստեղծագործութիւնը: 


Մեր ամէնօրեայ աղօթքը հաւատքով կապուած կը պահէ մեզ մեր աղբիւրին հետ, եւ մեր աչքերը կը լեցնէ Աստուծոյ առատ տեսութեամբ. կու տայ մեզի ինքնին իր իմաստութեան Հոգին, որպէսզի կերտենք իր բնակութեան տաճարը՝ իր արդարութեան կենդանի ներկայութիւնը: Իմաստութեան Սուրբ Հոգիով մեր տեսութիւնը եւ իմացութիւնը անսահմանօրէն կ’ընդլայնի՝ հասնելով ողորմութեան եւ գթութեան կատարելութեան (1 Թագաւորաց 4.29):


Մեր այս տաճարէն Աստուծոյ արդարութեան արեգակը ամէն օր պիտի ծագի եւ Աստուծոյ հաճութիւնը պիտի տարածէ մեր բոլոր շրջանակին վրայ: Մեզմէ ճառագայթող յոյսի այս կապերով՝ Տէր Յիսուս յաւիտենական կեանքին իր յարութիւնը պիտի հաղորդէ մեր շրջապատին: Ովսէէ մարգարէին քարոզած ուխտը մեր մէջ պիտի իրականութիւն դառնայ. Աստուած պիտի նշանէ մեզ իրեն եւ իմաստութեան իր Սուրբ Հոգին պիտի առաջնորդէ մեզի ճշմարտութեան ճանապարհին մէջ (Յովհաննէս 16.13):


Ճշմարտութեան գիտութիւնը մեզ պիտի լիացնէ Աստուծոյ ծանօթութեան երջանկութեամբ: Գիտակից դառնանք մեր երկնաքաղաքացիութեան բացառիկ վիճակին եւ իմանանք Աստուծոյ որդի ըլլալու մեծագոյն պարգեւին վեհութիւնը: “Ով Տէր Աստուած, ճանչնամ զիս եւ ճանչնամ քեզ,” կ՛աղօթէր ամէնէն կարճ եւ ամէնէն կատարեալ խնդրանքով Սբ. Օգոստինոս: (Առանձնախօսութիւններ, 2.1):


Ճանչնանք մենք զմեզ, ոչ միայն սոկրատեան հրաւէրին մարդկային ծաւալով, այլ՝ ճանչնանք մեր գերբնական կոչումին աստուածային ծաւալով: Ընդունինք Յիսուսի աշակերտութեան հրաւէրը՝ սփռելու այս աստուածային արդարութեան լոյսը բարի գործերով եւ ողորմութեամբ, եւ պիտի ըլլանք Արդար Հօր (Յովհաննէս 17.25) արդար որդիները. մեր գործերով պիտի փառաւորենք Աստուած, ամբողջացնելով Երկնաւոր Հօր փրկագործութիւնը Տէր Յիսուսի աղօթքին զօրութեամբ (Յովհաննէս 17.4–5):


Երկնաւոր Հօր Խաղաղութիւնը հետդ ըլլայ միշտ:

Facebook
Twitter
LinkedIn

Post a comment