Ինչու՞ Այդպէս Թուլասիրտ Էք

Հիներուն մօտ նոր իրականութիւն մը մէջտեղ բերելու համար՝ “հին”ը պէտք էր կործանուեր, վերցուեր: Հինը պէտք էր կասեցուեր, պէտք էր դադրիլ գոյութիւն ունենալէ. ուստի ինչ որ կար՝ կը զոհուէր, կը նուիրուէր այն ուժին որ եկած էր բերելու նորը: 


Այս զոհին արժէքը նուիրուած իրականութեան մէջ չէր կայանար, այլ այդ զոհագործութեամբ գալիք նոր շնորհքին առատութեան մէջ հաստատուած էր անոր հարստութիւնը: 


Հինին եւ նորին հանդիպման այս ճակատը գոյամարտ է եւ պատերազմ, “վերջն” է չարին, որովհետեւ բարին եկած է տիրանալու իր սեփական եւ բնիկ իշխանութեան. արդարութեան ծագումն է, որ կրնայ ծաղկիլ միայն խաղաղութեան բերած արդարութեան մէջ: Բայց զգոյշ ըլլալու ենք ուղիղ կերպով հասկնալու այս խօսքերը, որովհետեւ առակը այնքան ալ դիւրին չէ հասկնալ. որովհետեւ ոչ պատերազմ, ոչ խաղաղութիւն, ոչ իշխանութիւն, ոչ երկնաւոր արքայութիւն, ոչ արդարութիւն չեն սպառիր իրենց նիւթական եւ մեղաւոր բնութեան թանձրութեան տակ հեծեծող մարդկային տարողութիւններուն մէջ. պէտք ենք վերահաստատել այս բոլոր միտքերուն եւ նշաններուն կապը իրենց բնիկ եւ սկզբնական հոգեւոր եւ շնորհալից աղբիւրին հետ, որպէսզի նշանը ստանայ իր իմաստը, խորհուրդը դառնայ հաղորդութիւն, կապուի իր աղբիւրին՝ իրեն կեանք եւ իմաստ տուող իրականութեան:


Յարութիւն առած Տէրն է որ կու գայ տիրանալու իր արարչական իրաւունքին, իր երկնաւոր արքայութեան սահմանները վերահաստատելու. մեր մարդկային թանձրութեամբ կը թուի մեզի որ պարտիզպանն ըլլայ այդ նշանը (Յովհաննէս 20.15). մինչեւ կապը չվերահաստատենք այդ նշանին եւ Տիրոջ միջեւ՝ պիտի չկարենանք ճանչնալ զինք, երկրպագելու եւ թախանձելու–մանաւանդ թէ՝ բռնադատելու–ինչպէս կ’ըսէ Ղուկաս (24.29)–մեր մթին խարխափումներուն մէջ՝ որ մեր հետ մնայ Մարգարէն, որ արդեամբ եւ խօսքերով հզօր է Աստուծոյ եւ բոլոր ժողովուրդին առջեւ:


Երբ Աստուած այս դատաստանը հատուցանէ, պիտի բացուին կոյրերուն աչքերը, եւ խուլ ականջները լսել պիտի սկսին, Եսայի մարգարէին խօսքերով (35.1–10), ծարաւ անապատը պիտի ցնծայ եւ շուշանի նման ծաղկի: Լքեալ բազուկներուն մէջ նոր ոյժ պիտի հոսի, եւ կթուցեալ ծունկերը զօրութեամբ ամրանան, որովհետեւ այլեւս ամէն ոք պիտի սկսի հասկնալ եւ իմանալ Աստուծոյ փրկութիւն բերող Խօսքը: Փրկութիւն որ պիտի ցօղէ պապակած հոգիներուն վրայ՝ բանալով անոնց մաքուր եւ սուրբ ճանապարհ մը, որուն վրայէն պիղծերը պիտի չկարենան երթեւեկել. ընդհակառակը՝ այս ճանապարհը ուղղութիւն պիտի տայ մոլորեալին եւ միացնէ Երկնաւոր Հօր սիրոյ արքայութեան մէջ մարդկային ստութիւններուն մէջ ցիր ու ցան կորսուածները:


Դարձի ճշմարիտ ճանապարհը պիտի ըլլայ այս, ապաշխարութեան յաւիտենական ուրախութեան օծումը բերելով տառապեալին եւ երանիներուն մխիթարութեամբ մերժելով ամէն ցաւ եւ հեծութեան տրտմութիւն: Ճանապարհ մը՝ որ անտես է եւ գոյութիւն չունի անոր համար որ ինքզինք արդար կը տեսնէ: Գրիգոր Նարեկացիին խօսքերով՝ յուսադիր մեղային օրհնութիւնն է այս, պատուական աւանդ, հօրենական նուէր, ամէնուն համար թոշակ, կեանքի կամուրջ, անխզելի կապ, փափաքելի ճաշակում, վանիչ կարծրութեան, աստուածպաշտութեան սահման: (Բան 26.2):

Facebook
Twitter
LinkedIn

Post a comment