Ահաւասիկ Սբ. Գրիգոր Նարեկացիին այլաբանութեամբ տուած անուններէն մին Աստուածամօր, զոր Հայրը անմահներուն բոցեղէն սուրով չորս–բոլոր պաշտպանած էր իր զօրութեան հովանիին տակ, եւ Սուրբ Հոգին պատրաստած էր Յեսսէի անթառամ ծաղիկը եւ անդատապարտ շառաւիղը՝ Որդիին բնակութեան (Բան 80.1):
Նոյն աղօթքին մէջ Նարեկացին կ’ակնարկէ Աստուածամօր Վերափոխման համար գրած իր ներբողին. եւ այսօր թող առիթ ըլլայ մեզի մօտէն ծանօթանալու սուրբ վանականին այդ անարատ տեսիլքին, եւ մերձենալու Աստուածամօր սրբութեան եւ անբիծ բարութեան, որպէսզի ընդունինք անոր օգնութիւնը եւ անոր բարեխօսութեամբ լուսաւորուինք եւ ապրինք Քրիստոսի կեանքով:
Աստուածամօր հանդէպ Նարեկացիին սէրն ու բարեպաշտութիւնը բորբոք կը բոցավառի Վերափոխման ներբողին ստորագրութեամբ. այստեղ իր անունին տառերով սկսող վեց պարբերութիւններով ան կ’արձանագրէ իր անձին նուիրումը Աստուածամօր պաշտպանութեան եւ միջնորդութեան՝ արժանի ըլլալու համար անբիծ վարքով եւ հաստատուն հաւատքի ուղիղ դաւանութեամբ հանդիպելու Տիրամօր: “Աւազանին անախտ արգանդէն զիս կոչող այս անունը վերնական դպրութեան մատեանին մէջ գրէ՛ եւ գովեստի սակաւ երգագրութիւնս մշտական անկործանելի արձան կանգնէ՛ սուրբիդ դիմաց, մրաշար այս գիրերը փոխան մարմնիս եւ խօսքիս պատկերը՝ զգայական շունչիս:”
Տիրամօր հաւատքը ամենեւին չունէր որեւէ մարդկային խարիսխ. միայն Աստուծոյ խօսքն էր՝ թէ Սուրբ Հոգին պիտի գար իր մէջ եւ Բարձրեալին զօրութիւնը հովանի պիտի ըլլար իրեն. իր պատասխանը կը մարմնացնէր կոյսին ամբողջ հաւատքն ու լքումը Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ, “Ահաւասիկ Տիրոջ աղախինն եմ ես, քու խօսքիդ համաձայն ըլլայ ինձ:” (Ղուկաս 1.38): Մարդկային տարածք չկար Մարիամի հաւատքին մէջ որ տեղ տար ծիծաղի եւ տարակուսութեան. մանանեխի հաւատքն էր Աստուածային խօսքին հանդէպ՝ թէ ոչինչ անկարելի է Աստուծոյ մէջ: (Ծննդոց 18.14 եւ Ղուկաս 1.37):
Եթէ Աբրահամի հաւատքին եւ Մարիամի հաւատքին միջեւ զուգահեռը կազմենք, կը բացուի մեր մտքերուն առջեւ Նարեկացիին ներբողեանին հրաշալի տեսարանը: Ամբողջ երկինքն ու անոր հրեշտակներուն բազմութիւնը Աստուածամօր մայրութեան շնորհիւ յառեցան եկեղեցւոյ միջոցով Քրիստոսի մարդեղութեան խորհուրդին (Ներբող Աստուածածնի, 2 եւ 3):
Այս միութեան կապին զօրութիւնը Մարիամի հաւատքն է, որ իր Որդիին կցորդակցութեամբ՝ խաչին վրայ նուիրեց իր Որդին, եւ իր սիրոյ սեղանին վրայ ինքզինք եւս իբրեւ անարատ որոջ նուիրեց մաքուր պատարագ (Անդ, 9): Տիրամօր հաւատքը Նոր Ուխտին շնորհքի կարգին մէջ կատարելութեան հասցուց Աբրահամի հաւատքը, եւ հաւատքի այս որդիութիւնը Յիսուս խաչին վրայ բարձրացուց իր մարդեղութեան որդիութեան կցորդութեան՝ տալով իր Մայրը մեզի (Յովհաննէս 19.26-27):
Աստուած խոնարհ Մարիամէ կը խնդրէ անոր գործակցութիւնը. Կոյսին պատասխանը “քու խօսքիդ համաձայն թող ըլլայ ինծի” (Ղուկաս 1.38), այդ կը թելադրէ: Մինչ Աստուած կ’ըսէ Աբրահամի որ յաջորդ տարի զաւակդ պիտի ծնի, որովհետեւ ես իմ խոստումս պիտի կատարեմ: (Ծննդոց, 17.1–22): Աստուածամայրը ոչ միայն կը կրէր Արարիչին զօրութեան փայլը, այլ այդ կատարեալ ազատութեան շնորհքին մէջ կ’ապրէր, հեռու չէր Աստուծմէ, Անոր մէջ կը շարժէր եւ գոյութիւնը Անոր նուիրած էր, կը փնտռէր զԱստուած եւ իր զնին հոգիով գտաւ իր Արարիչը հնազանդութեան մէջ (Գործք 17.27–28): Նարեկացիին խօսքերով՝ Տիրամայրը, մեղուցեալ առաջին կնոջ առանց յանցանքի զաւակը, Երրորդութեան անտես թաքունութեան սիրոյ խորհրդակից ըլլալու կոչուեցաւ (Ներբող Աստուածածնի 19):
Աղօթենք որ Տիրամօր բարեխօսութեամբ արժանանանք ընդունելու փրկութեան մասնակցութիւնը, որպէսզի իրեն հետ օրհնենք միշտ մեր հզօր Աստուածը:

