Կիրակի անունը կը նշանակէ Տիրոջ պատկանող. յունարէն բառ է, զոր առած ենք կոչելու համար այն օրը որ Տիրոջ կը պատկանի, որովհետեւ Անոր յարութիւն առած օրն է. հրէական շաբթուան առաջին օրը՝ միաշաբաթը:
Այդ օրը, ինչպէս իմաստը կ’ըսէ, Տիրոջ օրն է: Անոր կը պատկանի. Անոր նուիրուած է ի յիշատակ Իր յարութեան: Բայց այս օրը է նաեւ մեր իւրաքանչիւրիս օրը, որովհետեւ մենք մաս կը կազմենք Տիրոջ Մարմինին՝ Եկեղեցիին:
Ի՞նչ բանի վերապահած ենք մեր կիրակին: Հանգիստի՞. բան մը չընելու՞. աւելի երկար քնանալու՞: Թէ՞ առաւօտ կանուխ երթալու Տիրոջ գերեզմանը՝ լսելու համար Անոր յարութեան աւետիսը սպիտակազգեստ հրեշտակներէն, մէկը նստած սնարին իսկ միւսը անոտին՝ ուր դրուած էր Յիսուսի մարմինը: (Յովհաննէս 20.12):
Ահա այս պիտի ըլլար իսկական կիրակի մը. Պետրոսի եւ Յովհաննէսի հետ վազելով հասնիլ Տիրոջ սեղանին, մտնել եկեղեցիին դռներէն ներս եւ սուրբ խորանին վրայ տեսնել յարութիւն առած մեր Տէրը. ուրախութեամբ հրճուիլ Անոր ներկայութեամբ, տեսնելու զԱյն եւ մեր հաւատքը ամուր կերպով հաստատելու (Յովհաննէս 20.8):
Սիրոյ հարց է մեր կիրակին ունենալը: Նուիրումի եւ մտերմութեան մէջ ունենալ է մեր կիրակին. ստանալ զայն՝ մեր կեանքին մէջ բերելու իմաստով: Կիրակին չմնայ մեր կեանքին կեդրոնէն հեռու ծայրամասերուն վրայ. կիրակին ըլլայ մեր կեանքին արեգակը, որ լուսաւորէ մեր հոգին եւ կերպաւորէ մեր փափաքները Աստուծոյ կաղապարով. տայ մեր իղձերուն խաղաղութեան թեւերը որպէսզի բարձրանանք Աստուծոյ որդիներ ըլլալու իրականութեան. ողողէ մեր սրտերը արդարութեան ծարաւով՝ որպէսզի յագենանք Տէր Յիսուսի պարգեւած արդարութեամբ. իր ճառագայթներով լուասւորէ մեր քայլերը՝ որպէսզի չսայթաքինք ուղիղ ճամբէն:
Կիրակին ըլլայ Տէր Յիսուսի հետ մտերիմ խօսակցութեան ջերմ կրակարանը, ոչ թէ սրբութիւն ցուցադրելու թշնամական հրահանգի օր: Կիրակին ըլլայ Տէր Յիսուսի ճշմարիտ Մարմինն ու անապական Արիւնը ճաշակելու օրը՝ Եմմաւուսի ընթրիքին սեղանին մասնակցութիւն, եւ բացուին մեր աչքերը՝ տեսնելու եւ ճանչնալու Յիսուս այն օտարականին մէջ, որ կը բացատրէ Աստուծոյ խօսքը եւ մարգարէական գիրքերը:
Կիրակին ըլլայ իսկական տօնական օր՝ մեր հոգին ու սիրտը լեցնելու Սուրբ Հոգիին պտուղներով. ըլլայ այն օրը երբ կը նորոգենք մեր դաշինքը Երկնաւոր Հօր հետ. ըլլայ այդ օրը երբ կը ստանանք սուրբ խորանէն Աստուծոյ սիրոյ պատուիրանին կայծը, որ բոցավառի եւ դառնայ հրդեհ մեր երկիրը հրահրելու, բորբոքելու մեր բնութեան մէջ, եւ ըլլայ սուրբ զօրութիւն՝ քալելու եւ ուղղելու մեր ընթացքը դէպի Աստուծոյ որդիներուն ազատութիւնը:

