Հաւատքդ Մեռած Չըլլայ

Նիկիոյ տիեզերական ժողովին 1700-ամեակը կը յիշատակենք այս տարի, եւ այս առիթով “հաւատք” եզրը իր բազմազան իմաստներով գործածուած կը գտնենք յօդուածներու մէջ, կիրակնօրեայ քարոզները կը բացայայտեն տարբեր իմաստները, խօսակցութիւններու ընթացքին կ’անդրադառնանք այդ նրբութիւններուն մասին:


Ի՞նչ է մեր “հաւատք”ին իմաստը, անձնապէս իւրաքանչիւրիս համար: Ի՞նչպէս կրնանք հաւաքել մեր մտածումները այս իրականութեան շուրջ:


Հաւատքի հանգանակը կը սահմանէ քրիստոնէական հաւատքին հիմնական կէտերը. կանոնն է, որուն համաձայն կարելի է որոշել եթէ մէկը մաս կը կազմէ Քրիստոսի մարմնին՝ Եկեղեցիին: Քրիստոնեայ հաւատացեալին “հաւատք”ը, սակայն, Մկրտութեան սրբարար խորհուրդով անոր անձնապէս ստացած շնորհքն է, ու՛ժն է՝ զոր Աստուած տուած է եւ որուն զօրութեամբ իւրաքանչիւր քրիստոնեայ անհատապէս կը հնազանդի Աստուծոյ դաշինքին՝ ձեռք բերելու համար փրկութեան արդարութիւնը (Հռոմայեցիս 6.16):


Հաւատքի այս հնազանդութիւնը ամենեւին ազատ է, գերբնական է, եւ արժանաւոր է, որովհետեւ իւրաքանչիւրիս անձնական պատասխանն է՝ Աստուծոյ հեղինակութեամբ եւ վկայութեամբ յայտնուած ճշմարտութեան: Մեզի տրուած հաւատքի այս ոյժը՝ առաքինութիւնը՝ կենսունակ է. ուստի կրնայ աճիլ, ինչպէս նաեւ կրնայ պաղիլ եւ մարիլ, եթէ պէտք եղած խնամքն ու սնունդը չմատակարարենք անոր:


Իմացական ամբարտաւանութիւնը ամէնէն մեծ եւ վտանգաւոր արգելքն է մեր հաւատքին կանոնաւոր աճումին, ինչպէս Յակոբոս եւ Պետրոս Առաքեալները կ’անդրադարձնեն. “Աստուած ամբարտաւաններուն հակառակ կը կենայ, խոնարհներուն կու տայ շնորհքները:” (Յակոբոս 4.6, եւ 1 Պետրոս 5.5):


Հետեւաբար, պէտք ենք խոնարհութեամբ ստէպ կրկնել մեր առօրեային ընթացքին՝ այսահար մանուկին հօր աղօթքը, “Կը հաւատամ, օգնէ՛ ինծի անհաւատութեանս դէմ:” (Մարկոս 9.23): Միաժամանակ, պէտք ենք աշակերտիլ հանգանակին միջոցով Եկեղեցիին առաջադրած ճշմարտութիւններուն, եւ մեր գործերը համադրել հաւատքի այդ ճշմարտութիւններուն, մասնակցելով հոգեւոր կրթութիւններու եւ կանոնաւոր կերպով մերձենալով Պատարագի սուրբ խորհուրդին մատուցման, խոստովանութեամբ եւ հաղորդութեամբ:


Յովհաննէս Առաքեալին ցուցմունքին հետեւելով, թէ՝ “Այս է մեր յաղթութիւնը, որ կը յաղթէ աշխարհի՝ մեր հաւատքը,” (1 Յովհաննէս 5.4), մենք մեզ պէտք է սերտացնենք հաւատքի գերբնական առաքինութեան տրամաբանութեան հետ. այս տրամաբանութիւնը կը շարժի Քրիստոսի միտքով, զոր մենք ստացած ենք մկրտութեամբ՝ ինչպէս կ’ըսէ Պօղոս Առաքեալ, “Մենք Քրիստոսի միտքը ունինք:” ( 1 Կորնթացիս 2.16): Քրիստոնեան այ՛ս միտքով կը մտածէ եւ կը գործէ:

Facebook
Twitter
LinkedIn

Post a comment