Մեր Խաչելութիւնը Քրիստոսի Մահուան Մէջ

Մեծ Պահքի խոկումները սկսանք Մկրտութեան սրբարար խորհուրդէն առնուած բնաբաններով՝ մեր հայեցողութիւնը կեդրոնացնելու համար Եկեղեցիէն մեզի առաջարկուած հիմնական ճշմարտութիւններուն վրայ: 


Շարունակելով մեր ընթացքը Մկրտութեան խորհուրդով բացուած ապաշխարութեան այս ճանապարհին վրայ, այժմ պէտք է դիտենք մահը:  Ի՞նչ է այս հաստատուն իրականութիւնը եւ անհերքելի փաստը մեր սահմանափակ նիւթեղէն մարմնին անցաւոր իրականութեան: 


Մահը ընկալուած է որպէս վերջ մը. իրականութիւն մը որուն առջեւ կեանքը կը կենայ. 

անվերադարձ կէտի մը հասնիլն է: Բնութեան օրինական ընթացքով մահը վերջ կը դնէ այն իրականութեան զոր կեանք կը կոչենք: Կորուստի ցաւը կը պատճառէ՝ նոյնիսկ երբ այս աւարտը հասնի շատ յառաջացած տարիքի, ըսենք՝ իննսուն եւ աւելի: Եւս աւելի ցաւ եւ տրտմութիւն կը պատճառէ, երբ երիտասարդին առոյգ օրերը անակնկալօրէն կը կտրուին կեանքի արմատէն, եւ մեր ձեռքերուն մէջ կը մնայ մեր անկարողութեան անհերքելի փաստը՝ նեխած մարմին մը, քայքայուած բնութիւն մը, փշրուած քնար մը՝ անկարող այլեւս կեանքին արեւոտ երգը նուագելու: 


Շատերու համար անյոյս դուռ մըն է մահը ուսկից մարդ կ’անցնի. կ’անցնի առանց հանգիստի մը հասնելու, կ’անցնի դէպի ճանապարհ մը որ չունի յստակ եւ նշուած գիծեր եւ կամ նշմարելի հետքեր, նման երիտասարդին ուղիներուն՝ զորս Սուրբ Գիրքը կը նմանցնէ ծովուն ալիքները ճեղքող նաւուն, կամ քարերու վրայ սողացող օձին, եւ կամ օդին մէջ սաւառնող արծիւին թողած հետքերուն, արդեօ՞ք նոյնիսկ նաեւ կոյսին սրտին մէջ թողած յիշատակին (Առակաց 30.19):


Կեանքը, առհասարակ որեւէ կեանք, միմիայն նիւթական կազմալուծումի նեխութեան հետքեր չի թողուր, հակառակ որ անոնք որ մահէն պարտուած՝ բայց նոյնքան յոխորտ ջնջին հասկացողութեամբ կ’ուզեն ծաւալել: Աստուծոյ պատկերին նմանութեամբ ճոխացած հոգեւոր եւ իմացական կեանքը չի կրնար մեռնիլ. հակասութիւն պիտի ըլլար այդ, եթէ ունենայինք դոյզն նշոյլ մը բանականութեան: 


Բայց ի՞նչ է քրիստոնեային ունեցած յոյսով օծուն այս հասկացողութեան ամենամուր խարիսխը: Այդ խարիսխն է իրականութիւնը, որ Աստուած կոչած է մեզ որպէս սրբութիւններ՝ տալով մեզի իր Սուրբ Հոգին, այնպէս որ իւրաքանչիւրս մեր մարմինը կը ստանանք Աստուծմէ սրբութեամբ (1 Թեսաղոնիկեցիս 4.7–8) եւ մահուան մէջ իսկ կը պահենք զայդ՝ սրբութեամբ: Պօղոս Առաքեալ պայծառ հասկացողութեամբ տուած է ինքնին Տէր Յիսուսէ ստացած այս բարի լուրին քարոզութիւնը. անոնք որ յոյս չունին տրտմութեան մէջ կը խեղդուին (1 Թեսաղոնիկեցիս 4.13), որովհետեւ ամէն ոք մեր հաւատքը չունի (2 Թեսաղոնիկեցիս 3.2):


Արդարեւ, մեր հաւատքը կը հիմնուի եւ իր կեանքը կը ստանայ Տէր Յիսուսի խաչելութեան մէջ, որով Ան ամէն ինչ կատարելութեան հասցուց (Յովհաննէս 19.30) եւ աւանդեց իր հոգին Երկնաւոր Հօր ձեռքերուն մէջ (Ղուկաս 23.46)—նոյն այն ձեռքերուն՝ որով Հայրը կերպարանք տուած էր Իր Սուրբ Հոգիով ամբողջ արարչութեան, առաջին մարդուն, եւ մարդեղացած Յիսուսի իսկ— հաւատքի ամենամեծ ներգործութեամբ ապաւինելով Հօր խոստումին՝ թէ ապականութիւն պիտի չտեսնէր իր բնութիւնը (Գործք 13.35) եւ թէ Հայրը պիտի յարուցանէր զինք դարձեալ՝ (Յովհաննէս 20.17) յափշտակելով զինք իրեն ընդառաջ, որպէսզի այլեւս միշտ իր հետ ըլլար (1 Թեսաղոնիկեցիս 4.16):

Facebook
Twitter
LinkedIn

Post a comment