Քամիէն Խռովայոյզ Ծառեր

Հոգեւոր կեանքը մեր մարդկային բնութեան ամէնէն բարձր արտայայտութիւնն է, որ կ’ամփոփէ մեր մարմնական եւ իմացական մէկ բնութեան բոլոր կարողութիւնը: Մարմին եւ հոգի տարբեր մասեր չեն մարդկային բնութեան, այլ անոնց միութիւնը կը կազմէ մարդկային ամբողջ բնութիւնը: Մենք կը հաւատանք, կը յուսանք, եւ կը սիրենք ոչ թէ մեր բանականութեամբ, կամ միտքով, կամ կամքով, կամ հոգիով, այլ՝ կը հաւատանք, կը յուսանք, եւ կը սիրենք մեր մարդկային ամբողջ բնութեամբ:


Սիրելու այս ուժը ինքնին Աստուածային բնութեան կաթիլ մըն է մեր մէջ, մեր բնագիր պատկերին շողն է, որ կը կենագործէ մեր մարդկային մէկ բնութիւնը, կը կերպաւորէ մեր նիւթական բնութիւնը եւ կու տայ անոր հոգեւոր եւ գերբնական իրականացումին կարողականութիւնը: Պօղոս Առաքեալին խօսքերով՝ ցանուած ենք նիւթական՝ յարութիւն առնելու համար հոգեւոր (1 Կորնթացիս 15.42–43), մեր մահկանացուն անմահութիւն պիտի հագուի (1 Կորնթացիս 15.53), ուստի հաստատուն եւ անշարժ պարտինք կենալ եւ քամիէն խռովայոյզ ծառերու նման չտարուբերինք ամէն անգամ որ մարդկային անմտութիւնները փոթորկին մեր շուրջ (Եսայի 7.2):


Մեր բնութիւնը չէ ցանուած երկրաւոր դրախտին սահմաններուն մէջ եւ ոչ ալ մեր արմատները իրենց սնունդը կ’ըմպեն Եփրատի, Տիգրիսի, կամ Նեղոսի ջուրերէն, այլ Երկնաւոր Հայրը պատուաստած է մեզ մկրտութեան սրբարար որդեգրութեամբ՝ Տէր Յիսուսի, իր Միածին Որդիին աստուածային որթատունկին վրայ, եւ մեր երակներուն մէջ Աստուծոյ Սուրբ Հոգին կը հոսի, իր երկնաւոր նեկտարին աւիշով՝ յաւիտենական կեանքին փրկութեան փոխարկելով զմեզ:


Տէր Յիսուսի հաստատած Նոր Ուխտին՝ մեր փրկութեան լուսաւոր ապարանքին մէջ կը մտնենք հաւատքի գլխաւոր դուռէն (Նարեկ, Բան 10.2). այս դուռը մեր առջեւ կը բանայ փրկութեան տապանակին սրբութիւնները, եւ այդ տաճարին վայելչութեան մէջ Աստուծոյ խաղաղութիւնը կը փթթի որպէս մե՛ր ծաղիկը, եւ մեր ատոք հասկերուն ցորենը անմահութեան հաց կը սրբագործուի Յիսուսի խօսքին զօրութեամբ, ընդունելի պատարագ եւ անմահութեան պտուղ՝ հաճելի Երկնաւոր Հօր:


Պօղոս Առաքեալին համաձայն ոչ ոք կարող է խոստովանիլ որ Յիսուս Տէրն է՝ եթէ ոչ Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ (1 Կորնթացիս 12.3). բայց արթուն եւ պատրաստ ըլլալու ենք եւ ճիշդ հասկնանք թէ ինչ բանի մէջ կը կայանայ այս խոստովանութիւնը: Մեր հաւատքը կը հասկնանք ոչ թէ իմացական ներգործութեամբ, որովհետեւ հաւատքը մտաւոր գործ չէ, այլ՝ խոստովանութեամբ. հաւատքը ապաշխարանք է. հաւատքը դարձն է դէպի Հայրը. հաւատքը լարելն է մեր ամբողջական մարդկային բնութիւնը Երկնաւոր Հօր աղեղին վրայ, որպէսզի կարենանք սլանալ դէպի անմահութեան անեղծական փոխարկութիւնը:


Խոստովանութիւն, ապաշխարանք, եւ դարձ՝ ոչ մարդկային մտքի փոքրկութեամբ ներում խնդրելու համար, այլ լեցուելու համար Յիսուս Քրիստոսի փրկական անսպառելի մարդասիրութեամբ (Նարեկ Բան 18.1): Ամուր կերպով մեր արմատները խրելու Աստուծոյ գերագոյն հաւատարմութեան Նոր Ուխտին մէջ, հաստատուելու Անոր տաճարին գաւիթներուն մէջ՝ պատսպարուած չարին խորշակահար քամիէն:


Երկնաւոր Հայրը կ’օծէ, կը կնքէ, եւ իր Հոգիին առհաւատչեան կու տայ բոլոր անոնց որ կ’ընդունին փրկութեան հաստատուն արդարացումը. կը միացնէ ամէնքը՝ անցեալին, ներկայիս, եւ ապագային՝ իրարու, Քրիստոսի Մարմնին նոր բնութեան մէջ (2 Կորնթացիս 1.21–22) որպէս իր նոր ժողովուրդը:

Facebook
Twitter
LinkedIn

Post a comment