ԵՍ ԻՆՁ ԻՄ ՏԱՆԸ ՄԷՋ ԶԳԱՑԻ

Մեսրոպ Եպս Պարսամեան


Ուիսքանսըն նահանգի մեր գաղութներէն մէկուն մէջ կատարած հովուական այցելութեանս ընթացքին, այցելեցի եկեղեցւոյ տարեց անդամի մը, որ իր յառաջացած տարիքին պատճառաւ այլեւս ի վիճակի չէր եկեղեցի յաճախելու։ Թէեւ ծագումով հայ չէր ան, սակայն ամուսնացած էր հայ մարդու մը հետ եւ տարիներու ընթացքին դարձած էր այդ գաղութի մեծ ընտանիքին հարազատ անդամը։

Նստած էինք Միշիկըն լիճի ափին՝ կը վայելէինք բաժակ մը սուրճ երբ ան սկսաւ պատմել հայ եկեղեցւոյ իր առաջին այցելութեան փորձառութեանը մասին, որ խորապէս տպաւորեց զիս։

Ան պատմեց, թէ առաջին անգամ, երբ իր հանգուցեալ ամուսնոյն հետ եկած էր հայկական եկեղեցի, երկմտանքի մէջ էր։ Անծանօթ ըլլալով հայ լեզուին, սովորութիւններուն եւ մարդոց, մտածած էր թէ արդեօք ի՞նչպէս պիտի ընդունուէր հայ գաղութէն ներս։ Բայց, երբ ան մօտեցած էր եկեղեցւոյ դռներուն, եկեղեցւոյ անդամներէն մէկը մօտեցած էր իրեն ու լայն ժպիտով՝ գրկաբաց դիմաւորած էր զինք։ Այդ պահուն այրի կինը ըսած էր. «Ես ինձ իմ տանը մէջ զգացի»։

Պահ մը մտածեցէք այս մասին. վաթսուն տարիներ անցած են այդ եղելութենէն, ու տակաւին կինը յստակ կը յիշէր այդ օրը։ Նոյն տպաւորութիւնը դուք եւս կրնաք թողուլ անծանօթի մը վրայ, երբ զինք կը դիմաւորէք ջերմ սիրով։ Պարզ ժպիտ մը կրնայ յաւերժական յուշ դառնալ անծանօթի մը սրտին եւ մտքին մէջ՝ իր կեանքի ընթացքին։ Պարզ գրկախառնութիւն մը անգամ կրնայ անկիւնադարձային դառնալ մարդու կեանքին մէջ։

Սա այն է, ինչ Եկեղեցին կ’ընէ իր լաւագոյն դրսեւորմամբ։ Ան կ’ընդունի մարդիկ Քրիստոսի սրտով։ Ինչպէս Սուրբ Պօղոս կ’ըսէ. «Ուրեմն ընդունեցէք զիրար, ինչպէս Քրիստոս ալ ընդունեց զմեզ՝ Աստուծոյ փառքին համար» (Հռոմէացիներ 157)։ Այդ ընդունելութիւնը ծառայութիւն է եւ վկայութիւն՝ մարդկային ջերմութեամբ տեսանելի դարձած Աւետարան։

Երբ կը յիշեմ այս պատմութիւնը, կը գիտակցիմ, որ այդ նաեւ իմ պատմութիւնն է։

Նոյն ձեւով նաեւ ընդունեց զիս Ամերիկայի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւելեան թեմը։ Երբ առաջին անգամ եկայ ծառայելու ձեր մէջ 2015 թուականին, դուք ընդունեցիք զիս ձեր ծխական համայնքներուն մէջ, ձեր բնակարաններէն ներս, ձեր սեղաններուն շուրջ եւ ձեր սրտերուն մէջ, ջերմօրէն։ Իսկ աւելի ուշ՝ 2022 թուականին, երբ ինծի վստահեցաք Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Առաջնորդութիւնը, կրկին անգամ զգացի նոյն ջերմ գրկախառնութիւնը։ Գիտէի, որ իմ տանն եմ՝ ժողովուրդի մը մէջ, որ կը սիրէ Քրիստոս եւ կը սիրէ Անոր Եկեղեցին։

Ու այսօր, երբ դուք դարձեալ վստահեցաք ինծի թեմական առաջնորդութիւնը Արեւելեան թեմէն ներս՝ երկրորդ քառամեայ ժամանակաշրջանի համար,  ես զայն կ’ընդունիմ ամենայն խոնարհութեամբ եւ խոր երախտագիտութեամբ։ Զայն կը տեսնեմ որպէս նոյն ընդունելութեան եւ նոյն սիրոյ եւս մէկ արտայայտութիւն։ Եւ կ’աղօթեմ, որ միասնաբար շարունակենք կառուցել այնպիսի թեմ մը, ուր իւրաքանչիւր մարդ որ կը մօտենայ մեր եկեղեցիներուն եւ համայնքներուն, կարենայ ըսել նոյն գեղեցիկ խօսքերը՝ «Ես ինձ իմ տանը մէջ զգացի»։

(Թարգմանեց՝ Տէր Նարեկ Քհն. Քէօթէլեան)

Facebook
Twitter
LinkedIn

Post a comment