Ո՞ր Խումբին Կը Պատկանիս

Սերմնացանին առակով՝ Յիսուս կը մղէ մեզ մտածելու թէ Աստուծոյ արքայութիւնը ընդունողներուն ո՞ր խումբին մաս կը կազմէ մեզմէ իւրաքանչիւրս: (Մարկոս 4.1–9):

 

Կը նկարագրէ դաս մը մարդոց՝ որոնք մեծ եռանդով կ’ընդունին արքայութեան սերմը, եւ առատ հոգիով կը պատասխանեն այդ աստուածային կոչումին: Բայց յանձնառու չեն ըլլար ամէնօրեայ խնամքը տալու՝ որպէսզի այդ յարգի սերմը խոր արմատներ ձգէ իրենց կեանքին մէջ: Դոյզն դժուարութեան դիմաց՝ անոնց արմատները կը չորնան, եւ Աստուծոյ արքայութիւնը չ’աճիր հասնելու համար իր գերբնական առոյգ եւ ընտիր պտղաբերութեան:

Ուրիշ խումբ մը կը կազմեն անոնք՝ որոնք չեն կրնար որոշել թէ ի՛նչը առաջնակարգ է իրենց կեանքին եւ սկզբունքներուն մէջ: Այն հողը որ փուշ ու տատասկ տալու հակամէտ է՝ շուտով կը խճողէ բարի տարածքը եւ անյագօրէն կը սպառէ մեր ուշադրութիւնը. խաբեպատիր աղմուկով կը շեղէ մեր միտքը յաւիտենական արժէքներէն, եւ կը խեղդէ Աստուծոյ արքայութեան փափուկ ծիլերը:

 

Կայ խումբ մը եւս, որոնց իմացական եւ հոգեկան կեանքը քարացած է չարին օրէնքներուն մէջ իրենց ունեցած յագեցած փորձառութեամբ: Ասոնց մօտ՝ երկնաւոր արքայութիւնը իմաստ չունի, որովհետեւ իրենց տեսողութեան դաշտը փակուած է չարին եւ նիւթականին տարածքին մէջ: Այս խումբը կ’աշխատի եւ գանձ կը դիզէ իր նիւթական աշխարհը ապահովելու համար միայն: Այս խումբին մաս կազմողները չունին յաիտենական կեանքին առատ լոյսով զեղուն աչքեր: Այս խումբին մաս կազմողները կը ճաշակեն միայն նիւթական կերակուրը, առանց հոգ ընելու տերունի քաղցրութեան համը առնելու:

 

Բայց կայ նաեւ խումբ մը, որ փոխանակ ընկրկելու չարին դիւթական երգերուն՝ կը նաւարկէ ուղղուելով դէպի աստուածային խաչին մէջ փայլող յարութեան լոյսին: Այս խումբին անդամները ազնուութեամբ կը պատրաստեն իրենց բնատուր կարողութիւնները ընդունելու Երկնաւոր Հօր արքայութեան աւետիսը եւ այդ խօսքին զօրութեան կ’ընծայեն իրենց անձերը, որպէսզի աճի եւ պտղաբերէ հարիւրապատիկ: Աստուծոյ խօսքին վրայ կը կառուցանեն Աստուծոյ գեղեցիկ քաղաքը՝ որպէս տաղանդաւոր ճարտարապետներ:

 

Երբ կը լսենք Յիսուսի քարոզութիւնը՝ մեր կեցուածքը պէտք է ըլլայ նման անոր որ կանգնած անհուն ծովին դէմ (Մարկոս 4.1) կը տեսնէ ապագան. ամբողջ կեանք մը բացուած իր առաջ, որ կը հրաւիրէ զինք կառուցելու իր փոքրիկ նաւակը, օժտելու զայն կայմով եւ առագաստով՝ որ կարող ըլլայ բռնելու Երկնաւոր Հօր Սուրբ Հոգին (Յովհաննէս 3.8) եւ նաւարկելու դէպի աւելի խորը որպէսզի հասնի իրականացնելու իր ծրագիրները (Ղուկաս 5.4): Ամէնուս կեանքին ընթացքին կու գայ այդ օրը՝ երբ Աստուած պիտի խօսի եւ հրաւիրէ զմեզ կառուցելու մեր նաւակը, որպէսզի կարող ըլլանք ազատելու չարին բերած մահէն եւ հասնինք յաւիտենական կեանքը պարգեւող ծառին:

Facebook
Twitter
LinkedIn

Post a comment